ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Կիրակի, 8 Դեկտեմբեր 2013ին, Ազգային առաջնորդարանի «Տիգրան Եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի տեղի ունեցաւ վիճակագրական դասախօսութիւն մը՝ կազմակերպութեամբ Քրեսենթա հովիտի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ դաստիարակչական յանձնախումբին: Պերճ Զատոյեան, յանուն նշեալ յանձնախումբին, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց օրուան դասախօսը՝ դոկտ. Յարութիւն Արմէնեանը, որ Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի Հանրային առողջապահութեան ակադեմական ծրագիրներու գործակից տնօրէնն է եւ համաճարակագիտութեան փրոֆեսէօր: Ան արժանացած է Հայաստանի հանրապետութեան կողմէ շնորհուած «Մովսէս Խորենացի» նախագահական շքանշանին, ինչպէս նաեւ՝ Լիբանանի Մայրիներու պետական շքանշանին:
Ներկաներու ծափահարութիւններուն ներքոյ, հանդիսավարը բեմ հրաւիրեց դասախօսը, որ հասկնալի ոճով ներկայացուց խնամքով պատրաստուած համաճարակներու, մահացութեան եւ այրիութեան վիճակագրական տուեալները: Այդ ուղղութեամբ իր ուսումնասիրութիւնները սկսած էին 1980ին՝ հիմք ընդունելով Միջին Արեւելքի, ի մասնաւորի Լիբանանի Ս. Նշան Մայր եկեղեցւոյ, նաեւ Եգիպտոսի եւ Եւրոպայի 16 երկիրներու ծխական համայնքներու եկեղեցական տոմարներու արձանագրութիւնները, որոնցմէ ոմանք ունէին մինչեւ 300 տարուան վաղեմութիւն: Դոկտ. Արմէնեան ու իր գործակիցները, հիմնուելով այդ տուեալներուն վրայ եւ ի մի բերելով զանոնք՝ կրցած էին ի յայտ բերել պատմական հետաքրքրութիւն ներկայացնող եւ վիճակագրական նշանակութիւն ունեցող հաւաստի փաստեր, որոնք ժամանակին տպագրուած են միջազգային գիտական պարբերաթերթերու մէջ:
Դասախօսը ընդգծեց, որ պատմութիւնը, համաճարակները, մահացութիւններն ու անոնց պատճառները պէտք է ուսումնասիրել ո՛չ միայն օտարներու տուեալներով, որոնք հիմնուած են իրե՛նց ազգային եւ երբեմն խեղադիւրուած արխիւային տուեալներուն վրայ, այլ անհրաժեշտ է ունենալ մեր ուրո՛յն ազգային-եկեղեցական արխիւները՝ զանոնք որպէս փաստարկ ներկայացնելու առ որ անկ է, պայմանով, որ անոնք պատրաստուած ըլլան գիտական հիմքերով եւ ճշգրիտ հաշուարկներով:
Ան նշեց նաեւ, որ մեր եկեղեցական տոմարներուն վրայ հիմնուելով՝ կարելի կ՛ըլլայ անուղղակի եւ մօտաւոր գաղափար մը կազմել այդ երկիրներու ժողովուրդներու ընդհանուր կացութեան մասին: Արդարեւ, ուսումնասիրութիւնները ցոյց տուած են, որ Հայկական Ցեղասպանութեան յաջորդող 20 տարիներուն ընթացքին, սպանդէն ազատած հայերու մօտ մանկական մահացութիւնը կրկնապատկուած է: Համեմատաբար ձմրան ամիսներուն յատուկ եւ յաճախակի նկատուող հիւանդութիւնները, ինչպիսիք են measles եւ այլ շնչառական համակարգի հիւանդութիւններ, անոնց մօտ մեծ տոկոսով նկատուած էին նաեւ ամրան եղանակին, ինչ որ հետեւանք էր մանուկներու անմխիթար ապրելակերպին եւ բժշկական խնամքի պակասին: Նոյնպիսի մահացութեան աճ նկատուած էր նաեւ օսմանեան բանակին մէջ ծառայող հայ զինուորներուն մօտ: Մահացութեան եւ համաճարակներու ուժգնութեան զգալի տարբերութիւններ արձանագրուած էին նաեւ camp-երու մէջ ապրող հայորդիներու մօտ:
Ըստ այս ուսումնասիրութիւններուն՝ 65 տարեկանէն վեր իրենց կիները կորսնցուցած տղամարդկանց մօտ մահացութեան տոկոսը կրկնակի բարձր եղած է, քան իրենց կանանց հետ ապրողներուն մօտ: Իսկ իրենց ամուսինները կորսնցուցած այրիներուն պարագային, մահացութեան նման աճ չէ արձանագրուած:
Դասախօսը նաեւ ընդգծեց եկեղեցական տոմարներուն անհրաժեշտ դերը՝ ըսելով, որ երբ զանազան պատճառներով կ՛անյետանան կամ կը հրկիզուին պետական տոմարները, անոնք կը դառնան հաւաստի արձանագրութիւններ: Նաեւ, անոնք պատմական հետազօտութիւններու կարեւոր աղբիւրներ են, որովհետեւ շրջապատի փոքրիկ աշխարհն (microcosm) ու հայելին են, եւ մեծ արժէք կը ներկայացնեն մեր հոգեւոր գանձերու պահպանման իմաստով:
Դասախօսութեան աւարտին, դասախօսը սիրով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն, ապա դասախօսութիւնը վերջ գտաւ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի «Պահպանի»չով:
(Թղթակցութիւնը՝ Եկեղեցիէն)