ԹԱԳՈՒՀԻ ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ

Հայը դարերով սրբօրէն վառ է պահել սրբութիւն՝ գիրքը, Մասիսը շինարար ոգին, հաւատը, լեզուն։
Սուրբ անուններ են եղել դարերով նաեւ հայ ընտանիքը եւ ամէնից վեր, ամէնից լուսէ՝ մայր հայրենիքը։
Ուրբաթ, Դեկտեմբերի 6ին, Ազգային առաջնորդարանում բարձր հովանաւորութեամբ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ կազմակերպութեամբ Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ հոգաբարձութեան (ատենապետ Սեդա Դարբինեան), կայացաւ «Քրիստոնեայ Հայ Ընտանիք Եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն» գրքի շնորհանդէսը, որի հեղինակն է Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը։ Գլխաւոր բանախօսն էր համայնքում յարգուած անձնաւորութիւն դոկտ. Օննիկ Քէշիշեանը։
Հայր Սուրբին առաւել ճանաչելու հնարաւորութիւնը ունեցել էի սփիւռքահայ մեծանուն գրող Ժագ Յակոբեանի գրքի շնորհանդէսի օրը, որի հանդիսավարուհին էի ես։ Այնուհետեւ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի անունից ստացայ առաջարկութիւն իր գրքի շնորհանդէսի հանդիսավարուհու պաշտօնը ստանձնելու։ Ես մեծ սիրով ընդունեցի եւ ընթերցեցի գիրքը, որպէսզի ամբողջութեամբ ըմբոշխնեմ այն եւ զգացումներս ճիշդ արտայայտեմ։
Փոքր տարիքից հայ գիրի եւ գրականութեան, պատմութեան, մշակոյթի եւ յատկապէս Սուրբ Գրային եւ վարքագրական գրականութեան հանդէպ հետաքրքրութիւն եւ սէր ցուցաբերած Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանը մի շարք գրքերի հեղինակ է։ Նա հրատարակել է բանաստեղծական հատոր «Փշէ Պսակ Մատղաշ Հոգիներու», «Կեանքն ու Նահատակութիւնը Ս. Սարգիս Զօրավարի», «Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետ», «Ս. Հռիփսիմեանց եւ Գայիանեաց Նահատակներ», «Եղիա Մարգարէ», «Լուսաշաւիղ Ակօսներ, Կիրակնօրեայ Խորհրդածութիւններ», «Եղեռնը եւ Հայ Կղերականներու Կորուստը», «Քրիստոնէական Ճշմարտութիւններ Աւետարանի Առակներու Ընդմէջէն», «Քրիստոնեայ Հայ Ընտանիք եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն», Սուրբ Գրային բովանդակութեամբ գրքոյկներ եւ ուսումնասիրութիւններ։ Մօտ ապագայում կը տպագրուեն «Ներածութիւն Աստուածաշունչ Մատեանի Հին եւ Նոր Կտակարաններու», եւ Essays on Biblical Concepts and Social Issues։
Հայ ընտանիքի եւ քրիստոնէական դաստիարակութեան թեմային անդրադառնալը մէկ անգամ եւս վկայում է հայր Միւռոնի խոր հաւատարմութեան մասին դէպի մեր սեփական ակունքները, մեր ինքնութիւնը, դէպի հայ ընտանիքն ու մանուկի քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, այն մանուկի, որը վաղուայ մեր օրն է, այսօրուայ ժառանգորդը, Չարենցի խօսքերով ա-սած «Մեր լաւ գալիքի ոսկեհեր տղան, մեր լաւ գալիքի ոսկեհեր մանուկը»։ Վաղուայ վառ անհատականութիւնը, որ մի հնչիւն է յաւելելու մեր ազգի ոգեղէն դիմանկարին։
Հոծ բազմութիւն էր հաւաքուել Ազգային առաջնորդարանում։ Մուշեղ սրբազան Մարտիրոսեանի կողքին նստած էին հոգեւոր հայրեր եւ մեծարգոյ հիւրեր։
Բացման խօսքով հանդէս եկաւ կազմակերպիչ յանձնախումբի ատենապետուհի Սեդա Դարբինեանը։ Շնորհակալութիւն յայտնելով առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանին իր բարձր հովանաւորութիւնը այս ձեռնարկին շնորհելու համար, նա ասաց, «Սոյն ձեռնարկը կը նպատակադրէ ներկայացնելու Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի 2013 թ.ին հրատարկած «Քրիստոնեայ Հայ Ընտանիք Եւ Քրիստոնէական Դաստիարակութիւն» աշխատասիրութիւնը, անդրադառնալով ոչ միայն հայ եկեղեցւոյ ստանձնած հոգեւոր եւ ազգային պարտականութեանց, այլեւ եկեղեցւոյ պատերէն անդին անոր ժողովրդանուէր առաքելութեան, այս պարագային ընդգրկելով հայ ընտանիք միաւորը, հայ դպրութեան օճախներն ու դաստիարակները, միջավայրը, շրջապատն ու ընկերութիւնը եւ ազգային պարտակնութիւն ստանձնած նուիրեալները»։
Այո՛, ազգը երախտապարտ է որակ շինող ընտանիքներով, մտքի եւ հոգու մարդիկ կերտող դարբնոցներով։
Շէնքը՝ հիմքով, ծառը՝ արմատով, մարդիկ իրենց ընտանիքներով են ապրում եւ գոյատեւում։
Ոչինչ չարժեն աւազի վրայ հիմնուած շէնքերը, որդնոտած արմատով ծառերը, հիմքից զուրկ ընտանիքները։ Այսօր ժամանակները հեղեղուած են գիտութեան եւ տեխնիկայի բազմազանութեամբ։ Գիտութեան առաջընթացը թոյլ է տալիս հանճարեղ մտքի սլացքով մի քանի ամսում մի հոյակերտ շէնք կամ տաճար կառուցել։ Դժուարը ոգեղէնի

«կառուցումն» է, որը սկսւում է ընտանիքից եւ տարիների հոգեմաշ եւ քրտնաթոր աշխատանքի արդիւնք է ինչպէս աւազի հատիկը՝ տարիների ընթացքում եղբայրանում է քոյր զանգուածների հետ, ապագայում ժայռ ու քար դառնում, Այբուբենով ծնունդ առնող գիտութիւնը տարիների թաւալումով վերածւում է իմացական գանձի: Մանուկն էլ ծնուելով ընտանիքում, մեծանում է հոգեպէս եւ բարոյապէս, ապագայում ո՞վ գիտէ որ վառ անհատականութիւնը դառնում։
Հայր սուրբը այս ընտանիքի եւ դրանից ծնունդ առնող քրիստոնէական դաստիարակութեան մասին է խօսում։ Եւ ես կարծում եմ, որ այս գիրքը պէտք է լինի ամուսնութեան շէմին կանգնած իւրաքանչիւր զոյգի սեղանի գիրքը, որպէս ուղեցոյց եւ խորհուրդ նորաստեղծ ընտանիքին։
Որպէս հանդիսավարուհի ներկայացրեցի օրուայ բանախօսին՝ դոկտ. Օննիկ Քէշիշեանին, որը տարիներ շարունակ դասախօսել է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգների եւ Եւրոպայի մի շարք համալսարաններում, ստանձնել է Մեսրոպեան ազգ. վարժարանի եւ Ալեք Փիլիպոս ազգ. վարժարանի տնօրէնի պաշտօնը։ Իսկ այժմ LACC քոլեճի դասախօս, Valley քոլեճի հայերէնի դասաւանդման հիմնադիր, 2013 թ. Լարք երաժշտական ընկերակցութեան հայագիտական լսարանի ամառնային դասընթացքների հիմնադիր ղեկավար։
Դոկտ. Քէշիշեանի բանախօսութիւնը հետաքրքրական էր՝ համեմուած մէջբերումներով եւ վկայութիւններով։ «Այս գիրքը, հայ քրիստոնեայ ընտանիքի մասին, հիմքն է հայ ազգային գոյատեւման», եւ ապա աւելացրեց. «Հայ ժողովուրդը իր 4 հազար տարուան պատմութեան ընթացքին 7 միլիոնէն աւելի եղած չէ որեւէ ատեն։ Ինչո՞ւ։ Եթէ բոլորը հայ մնային այսօր, 92 միլիոն կ՛ըլլայինք։ Եթէ մեր տոհմային արժէքները պահենք, Հայ քրիստոնեայ, առողջ ընտանիքներ կ՛ունենանք։ Ուրեմն այս բոլորը միայն այս օրուան մտահոգութիւնը չէ, եթէ… երբեւիցէ մտահոգութիւն է։ Մենք հայերս հայ քրիստոնեայ ենք։ Մենք քրիտոնէութեան վրայ հայկականութեան դրոշմ դրինք»։
Վերջում գլխաւոր բանախօսը մէջբերեց հեղինակի խօսքը՝ «Եկեղեցին մեր միջնաբերդն է», եւ ապա աւելացրեց «Եկեղեցին միայն գոց աչքով չէ, որ պիտի տեսնենք»։
Այո՛, ինչպէս Միւռոն Ծ. վարդապետն է գրում գրքում. «Հայ ընտանիքը ինքն իր մէջ փոքրիկ եկեղեցի մըն է եզակի իր կոչումով եւ նպատակով։ Հայ ընտանիքին բնորոշիչ յատկանիշներն են սրբութիւնը, կրօնաբոյր մթնոլորտը, բարոյական արժէքները, հոգեւոր նկարագիրը։ Հայ ընտանիքը հայեցի կրթութեան հոգեմտաւոր դարբնոցն է եւ հայակերտումի առաջին դպրոցը։ Պահապան ջահակիրը հոգեւոր դաստիարակութեան։ Սնուցիչը ազգային ապրումներու, սրբութիւններու եւ տոհմիկ աւանդութիւններու։ Հայ ընտանիքը սիրտն է հայ ազգին, իսկ հայ դպրոցը միջնաբերդը հայակերտումի, հայակազմակերտման ինքնութեան ճանաչման եւ հայապահպանման եւ գոյապայքարի։
Մեր մանուկներուն ու պատանիներուն պէտք է պատմել հայ ազգին հերոսական անցեալը, ազգային եւ եկեղեցական սուրբերու, հերոսներու, նահատակներու սխրագործութիւնները, ինչպէս՝ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Հռիփսիմեանց նահատակներ, Սահակ Պարթեւ հայրապետ, Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ, Տաթեւացի, Նարեկացի, Ներսէս Շնորհալի…»։
Եւ ապա շարունակւում են ընտանիքի մասին հայր սուրբի եզրափակիչ մտածումները։
Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի բեղուն եւ բովանդակալից կենսագրութիւնը ներկաներին ներկայացրեց Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ վարչութեան հիմնադիր, Սուրիահայութեան օժանդակութեան գործադիր մարմնի ՀՕՄի ներկայացուցիչ, Ալեք Փիլիպոս ազգային վարժարանի ուսուցչուհի Սօնա Մատարեանը, որը նաեւ ուշագրաւ հատուածներ կարդաց գրքից։
Այդ լայնածաւալ եւ հարուստ կենսագրութիւնից ցանկանում եմ գոնէ ներկայացնել 2005ից յետոյ Ազգային առաջնորդարանի հոգեւոր ծառայութեան շրջանը, երբ նրա ծառայողական աշխատանքի հիմնական դաշտերը եղան առաջնորդարանի հովանիին տակ տարուող քրիստոնէական դաստիարակութեան, կիրակնօրեայ վարժարանների եւ երիտասարդական միութեանց կալուածները, առաջնորդարանի պաշտօնաթերթի հրատարակութիւն, ինչպէս նաեւ ծխական շրջանների մէջ Սուրբ Գրային դասընթացքներ կազմակերպելու աշխատանքները։
2013 թ. Օգոստոս 1ին Միւռոն վարդապետ ստանձնեց իր նոր պաշտօնը որպէս Մոնթեպելլոյի Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգեւոր տեսուչ։ 2008ից հայր սուրբը ստանձնել է Նորթ Հոլիվուտի Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւի պաշտօնը եւ իր եկեղեցաշէն ու ազգանուէր գործունէութեամբ մինչ օրս կատարում է իր առաքելութիւնը։
Շատ տպաւորիչ եւ հոգուց բխող խօսք էր Միւռոն վարդապետի սրտի խօսքը, «Հայ մարդը որպէս Աստուծոյ ստեղծագործութեան պսակը պէտք է իր անձէն աւելի վեհ գաղափարի համար պատրաստուի եւ այս պարագային հայ ընտանիքն է կորիզը մեր ազգի եւ եկեղեցւոյ»։
Բոլորս էլ ընանիքի մը զաւակներն ենք, բոլորս էլ ծառայում ենք մէկ ազգի, մէկ հայրենիքի, մէկ ժողովրդի, որ հայ ժողովուրդն է, որ դարերի ընթացքին անցած է դժուարութիւններ, տեսած է մարտահրաւէրներ եւ համաշխարհայնացումի այս օրերուն, երբ աշխարհը պզտիկցած է եւ գիտական, ելեկտրոնային սարքերը կեանքը արագացուցած են՝ շատ մը արժէքներ ընտանեկան, ազգային, եկեղեցական մարզերէն ներս մենք զիջած ենք։
Գաղափարի մը համար պիտի ապրել… Գաղափարը մեր ազգն է, հայրենիքն է, Աստուած է, Աստուածաշունչն է, լեզուն է, պատմութիւնն է, մշակոյթն է…
Հայր սուրբը իր պատգամը յղեց հայ գիրքը սիրող հայերին՝ կարդալ այս գիրքը եւ դրանով նաեւ եկեղեցաշինութեան մասնակից դառնալ, հայ եկեղեցու մարմնեղէն կառոյցին, շինուածքին մէկ քար աւելացնելով։
Երեկոն աւարտուեց Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի օրհնութեան խօսքով։
«Կը գտնուինք Ազգային առաջնորդարանին մէջ, ազգի տան մէջ, որ ունի Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն մատուռը եւ այս մատուռը նուիրուած է հայ ընտանիքին։ Եւ երբ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը 2004ը հռչակեր էր Հայ Ըտանիքի Տարի, մենք ազգային այս մատուռը ձօնեցինք հայ քրիստոնեայ ընտանիքին՝ Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն թագաւորի եւ թագուհիի անունով, այն հաւատքով ու համոզումով, որ հայ ընտանիքը պիտի ըլլայ մնայուն կեդրոնը հայ եկեղեցւոյ եւ մեր ազգի յաւերժութեան։ Ընտանիքի ամուր հիմքը եկեղեցւոյ կեանքի վկայութիւնն է, հայ ընտանիքը փոքր հայրենիք մըն է»։
Սրբազանը շատ բարձր գնահատեց հայր սուրբին բեղուն գործունէութիւնը: Ան նաեւ «Քրիստոնեայ Հայ Ընտանիք Եւ Քրիստոնէական դաստիարակութիւն» գիրքը ընծայելու համար ցանկութիւն յայտնեց ծրագրի մէջ ունենալ նաեւ երկրորդ հանդիպումը արդէն գիրքը վերլուծելու, քննարկելու համար։ Սրբազան հայրը պատգամ յղեց ներկաներին ունենալ այս գիրքը, կարդալ եւ մասնակցութիւն բերել մօտ ապագայում Նորթ Հոլիվուտում կառուցուելիք եկեղեցւոյ հիմնադրման սուրբ գործին։
Երեկոյի ընթացքում տպաւորիչ էին արուեստագէտների ելոյթները։ Ելոյթ ունեցան Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մենակատար, միջազգային մրցոյթների դափնեկիր Վահագն Հովենցը, եւ նոյն եկեղեցւոյ մեներգչուհի Ռիմա Կարապետեանը։ Ես՝ հանդիսավարուհիս նաեւ հանդէս եկայ ասմունքով՝ Պարոյր Սեւակի «Որդուս» բանաստեղծութեամբ։ Երեկոն աւարտուեց, ներկաներին թողնելով անմոռաց յուշեր։
Ինչպէս գլխաւոր բանախօս դոկտ. Օննիկ Քէշիշեանը ասաց, «Գիրքը կը տրամադրուի անվճար, մուտքը՝ ձրի, ելքը՝ եկեղեցաշինութիւն»։
Եւ ինչպէս Ա. Խաչատրեանն է ասել, «Ստեղծագործողը հանդիսատեսից թաքուն արցունքներ ունի եւ այդ արցունքներից է օծուած իւրաքանչիւր ստեղծագործութիւն։ Իսկ այդ արցունքները կարող է սրբել միայն հանդիսատեսի ջերմ ընդունելութիւնն ու ծափահարութիւնները, որոնց ուղղուած է այդ տքնութիւնն ու յոյսը։
Այո, ներկաները ջերմ ծափահարութիւններով իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանին։
Թո՛ղ հայր սուրբի հոգեւոր վաստակը շարունակի կուռ մնալ եւ նոյն նորանոր ոգեղէն բռնկումների ազդակ լինի։
Մանուկի ծնունդը ընդամէնը մեզ հայր ու մայր փառահեղ կոչումն է շնորհում։ Դրանով մեր ուսերին է դրւում այն հաստատելու եւ վաստակելու դժուարին ու սուրբ գործը։
Թո՛ղ իւրաքանչիւր ծնողի ճակատը փայլի հպարտութեան լուսապսակով, թո՛ղ ծնողական սիրտը միշտ ցնծայ հրճուանքից։
Դարերի ճշմարտութիւն է, որ իւրաքանչիւր ամուր ընտանիք մի նոր կղմինտր է աւելացնում մեր ազգի հզօրութեան ամրոցին։
«Թող աւանդական ձեր օճախում,
Կրակը երբեք, երբեք չյանգի,
Ձմեռուայ մէջ էլ հիւր գայ ձեզ գարուն,
Ձեր կենաց ծառը յաւե՜րժ կանաչի»։