ՌԻԹԱ ՈՐԲԵՐԵԱՆ

Իւրաքանչիւր հայերէն բառի իմաստը կարելի է փնտռել եւ գտնել հայերէնէ հայերէն բառարանի մը մէջ:
Ուստի՝ ուզեցի փնտռել դաշնակցութիւն բառին իմաստը: Չգտայ: Կային կարգ մը իմաստներ, որոնցմէ եւ ոչ մէկը կը յարմարէր «Դաշնակցութիւն» բառին (իմ հասկցած ձեւովս):
Ստ. Մալխասեանցի բառարանին մէջ, կարգ մը ուրիշ բացատրութիւններէ ետք, գտայ «դաշնակցութիւն» բառը: Ան կ՛ըսէր հետեւեալը. «Հայ հակառեւոլուցիոն պարտիա, որ սկիզբն առաւ անցեալ դարի իննսնական թուականներին եւ ծառայում էր բուրժուազիայի շահերին եւ իր ազգայնական-շովինիստական քաղաքականութեամբ աշխատում էր ազգամիջեան կռիւներ ստեղծել հայ եւ հարեւան ժողովրդների միջեւ: Այդ քաղաքականութեամբ նա առաջացրեց ազգամիջեան արիւնահեղ պատերազմներ ու կռիւներ եւ պատճառ դարձաւ հայ ժողովրդի զգալի մասի բնաջնջման: Բոլշեւիկեան պարտիայի ղեկավարութեամբ հայ ժողովուրդը 1920 թուին վերջնականապէս թօթափեց նրա զզուելի լուծը եւ վռնդեց»:
Անշուշտ կը հասկնաք: Սոյն բառարանի երկրորդ տպագրութիւնը լոյս տեսաւ 1955ին, Պէյրութի մէջ (Տպարան «Սեւան»): Վերի մէջբերումը առած եմ անոր առաջին հատորէն, որ իմ տրամադրութեանս տակ կը գտնուի:
Առանց բոլոր մնացեալ բառարաններս ստուգելու, բացի եւ նայեցայ Պէյրութ գնուած եւ 1976ին տպուած «Անգլերէն-Հայերէն, Արդի Բառարան»ին: Ան ուղղակի կու տար դաշնակցութիւն բառի պարզ եւ չէզոք բացատրութիւնը եւ անգլերէնով կ՛ըսէր. «federation, coalition, alliance». իսկ այս բառերուն հայերէնը՝ համադաշնակցութիւն: Վախցած էր նոյնիսկ մօտենալու իմ փնտռած «Դաշնակցութիւն» բառիս:
Կը մտածեմ: Եթէ Մալխասեանց հիմա ապրէր, արդեօք նոյն սահմանումը կու տա՞ր Դաշնակցութեան: Կարծեմ, քիչ մը կը բարեփոխէր: Ես իմ սեփական սահմանումս ունիմ անշուշտ, որ կը բաղկանայ մէկ բառէ. ՅՈՅՍ: Ինչպէս բոլորս ալ գիտենք, որ առանց յոյսի շատ դժուար է ապրիլ: Հայ ժողովուրդի շօշափելի մասին համար նոյնպէս շատ դժուար է ապրիլ առանց յոյսի, առանց Դաշնակցութեան: Առանց անոր հովանիին, առանց անոր տուած ուղղութիւններուն եւ քաջարի կեցուածքին:
Վերջին հարիւր տարուան ընթացքին, հայուն կեանքը ունեցաւ բազմաթիւ վերիվայրումներ, որոնց կողքին ունեցաւ նաեւ շատ կարեւոր զարգացում մը, որ փոխեց հայուն ճակատագիրը: Այդ թուականն էր 1890, որ հայուն պարգեւեց մեծագոյն նուէրը՝ Յոյսը՝ աւելի լաւ վաղուան մը համար: Որովհետեւ անոր ներկան սեւ էր եւ խաւար: Ուրեմն, խումբ մը նուիրեալ երիտասարդներ որոշեցին թուրքին եւ ոեւէ թշնամիի լուծին առջեւ վիզ չծռել եւ զէնքը ձեռքին կռուիլ, պաշտպանելու համար իրենց եւ ազգին գոյութիւնը:
Կարդացիք, յուսամ, վերոյիշեալ հատուածը, ուր ի միջի այլոց կ՛ըսուէր իմ սահմանումիս ճիշդ հակառակը. «Այդ քաղաքականութեամբ նա առաջացրեց ազգամիջեան արիւնահեղ պատերազմներ ու կռիւներ եւ պատճառ դարձաւ հայ ժողովրդի զգալի մասի բնաջնջման: Բոլշեւիկեան պարտիայի ղեկավարութեամբ, հայ ժողովուրդը 1920 թուին վերջնականապէս թօթափեց նրա զզուելի լուծը եւ վռնդեց» համայնավար Հայաստանէն: Ի՞նչ էր իրենց ուզածը արդեօք: Արիւնը, զոր մեր կամաւոր երիտասարդները կը թափէին ժողովուրդը ազատագրելու համար իր ստրուկ վիճակէն, եւ հայու արիւն չունեցող հայեր, որոնք չէին յարեր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան, վերոյիշեալ աննպաստ որակումը կը կրկնէին: Եւ կը կրկնեն մինչեւ այսօր:
Այսօր ալ կան այդպիսի ոչ հայ մարդիկ, որոնք կը շարունակեն նոյն յանկերգը, հակառակ անոր որ ականատես եղան բարեփոխութեան: Բայց որովհետեւ վատ են եւ անարիւն, չեն ուզեր տեսնել դրական փոփոխութիւնը, փակելով իրենց աչքերն ու ականջները, պարզապէս չխոստովանելու եւ շնորհակալ չըլլալու համար արժանապատուութիւն ունեցող այդ արի եւ բարի մարդոց:
Այս վերջինները այլեւս չէին կրնար տեսնել իրենց անմեղ ժողովուրդին խողխողումը եւ իրենց ազգը դէպի մահ տանող «հայ» եւ «մարդ» պիտակին անարժան արարածները:
Սոյն երիտասարդները կը կոչուէին «ֆէտայիներ», որ կը նշանակէ անձնազոհ մարդիկ: Անոնք գիտակցաբար յանձն կ՛առնէին զոհաբերութիւնը: Այդ պատճառաւ ալ, օրինակ, անոնց ամուսնութիւնը չէր քաջալերուեր: Թէեւ անոնք, որոնք ամուսնացած էին, անոնց կիները եւս իրենց կ՛ընկերանային, ինչպէս Սերոբ Աղբիւրի եւ Սօսէ Մայրիկի պարագային:
Յամենայնդէպս, այս վերջիններուն ղեկավարութիւնը կը նախընտրէր, որ անոնք կին եւ զաւակներ չունենային, բոլորովին նուիրուելու համար իրենց «ասպարէզ»ին եւ ընտրած ճամբուն:
Եւ, իրաւունք ունէր:
Իսկ կուսակցութեան ներքին կազմակերպման համար, ստորեւ կը մէջբերեմ հատուած մը Դրոյի յուշերէն, որ կը սկսի այսպէս. «Անցեալ անգամ խոստացայ պատմել Քեռիի հետ վարած մեր կռիւների մասին: Բայց նախքան այդ, մի քանի խօսքով պատմեմ, թէ ի՞նչ կազմակերպութիւն էինք առաջ բերում մեզ յանձնուած շրջաններում, ինքնապաշտպանութեան համար:
«Համաձայն Դումանից ստացած հրահանգի, հայկական բոլոր գիւղերում մենք ստեղծում էինք հետեւակ ու ձիաւոր մնայուն եւ թռուցիկ խմբեր: Շրջանը, որի գլուխը կանգնած էր ընդհանուր խմբապետը կամ հրամանատարը, գիւղերի դասաւորութեան համեմատ, բաժանւում էր շրջանակների: Ամէն մի շրջանակում փորձուած հայդուկներից մէկը նշանակուում էր խմբապետ եւ մէկն էլ՝ նրան օգնական: Ըստ Դումանի յատուկ կարգադրութեան, տեղական թռուցիկ խմբերը կազմւում էին ռուսական բանակում ծառայութիւն արած երիտասարդ զինուորներից: Տեղական սեփականութիւն եղող զէնքերը տրւում էին զինավարժ տղաներին, որոնք մտնում էին զինեալ ուժերի շարքերը: Կուսակցական փամփուշտ տրւում էր միայն թռուցիկ խմբերին, որոնք նորը ստանալու համար պարտաւոր էին ներկայացնել կրակուած փամփուշտները»: (ՎԷՄ, Դրօ, «Մի հատուած յուշերից», Սիսիան Գիւղի Կռիւը, Ժ. հատոր, Փարիզ, 1935):
Եթէ պահ մը մտածենք՝ թէ՛ կռուիլը, թէ՛ կրակուած փամփուշտներուն հաշիւ պահելը դիւրին բան մը չէր այդ օրերուն: Բայց գիտենք, որ փամփուշտները բաւական սուղ էին:
Այսքան զոհողութիւն պահանջելը հայ զինուորներէն՝ անհասկնալի է առաջին ակնարկով: Բայց եթէ մտածենք աւելի խորը՝ անշուշտ կը հասկնանք եւ ըստ արժանւոյն կը գնահատենք թէ՛ արարքներուն հեղինակները, թէ՛ գործադրուած միջոցները:
Յարատեւ բարի՜ երթ Դաշնակցութեան:
—————————————————————-
Հովանաւորներ
ՀՅԴ «Թեհլիրեան»
Սարգիս եւ Սեդա Քարկոտորեան