
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի որոշումով, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, կուսակցութեան խորհրդարանական խմբակցութեան պատգամաւոր Վահան Յովհաննիսեան նշանակուեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան (նստավայրը` Պերլին):
Նախագահ Սարգսեանի մէկ այլ հրամանագիրով Արմէն Մարտիրոսեան ազատ կացուցուեցաւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի պարտականութիւններէն: Տակաւին որոշում չկայ, թէ ո՛վ պիտի փոխարինէ Վահան Յովհաննիսեանը խորհրդարանին մէջ:
Խոշոր ու խորունկ գամ մը եւս, Հըդահի՜ւնի դագաղին վրայ…
Ահա թէ ինչու (տարրական հիմնաւորում միայն) ՝
I. «Փրոթոքոլները»:
2009-ի գարնան, Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու վարչակարգին հետ մօտ 11 տարիներու պաշտօնական համագործակցութենէ ետք, Հըդահի՜ւնը յայտնեց թէ կը խզէ սոյն վարչակարգի հետ քաղաքական զօրակցութեան եւ գոյակցումի կապերը:
Պատճառը՝ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ ստորագրուած ինչ-որ միջազգային վաւերաթուղթ մը (ասկէ անդին կոչուած` «Փրոթոքոլները») :
Այս պատճառը չափազանց լուրջ, խոր եւ ծանր պէտք է որ ըլլար, նկատի ունենալով որ՝
ա. նախորդող 11 տարիներու ընթացքին պատահած բազմաթիւ բացասական դէպքեր բաւարար չէին եղած որ վերջ դրուի յիշեալ համագործակցութեան: Այդ դէպքերէն որպէս ծայրագոյն օրինակ՝ Մարտ 2008-ի իրադարձութիւնները, երբ պետական ուժերը Երեւանի փողոցներուն մէջ կրակ բացին Հայաստանի քաղաքացիներու վրայ, եւ եղան մեռեալներ:
բ. «Փրոթոքոլները» դէմ բողոքի այն շարժումը որ կազմակերպուեցաւ Հայոց Աշխարհին մէջ ահաւոր պառակտում ստեղծեց Սփիւռքի եւ Մայր Հայրենիքի միջեւ: Գոյութենական խնդիր մը՝ օր մինչեւ օրս կը շարունակուի եւ կը սաստկանայ:
Վերեւ նշուած կէտերը կու գան ուրեմն հաստատելու թէ Հըդահիւնի եւ Հայաստանի այժմու իշխանութեանց միջեւ յայտարարուած խզումը կ’առընչուէր սկզբունքային, բարոյական եւ գաղափարական այ՛ն աստիճան վեհ ու գերադաս նկատողութիւններու, որ անոնց բաղդատած՝ երկրորդական էր մասնակից մնալը եւ զօրավիգ կանգնիլը կառավարութեան մը որ կը կրակէ իր ժողովուրդին վրայ, եւ նաեւ ընդունելի էր որ Հայ Ազգի երկու բաղադրիչ հատուածներուն միչեւ բացուի հիմնական խրամատ:
Վերոյիշեալ «Փրոթոքոլները» կը վերաբերին Հայաստանի Հանրապետութեան Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ուղղակի իրաւասութեան, իշխանութեան եւ առաքելութեան:
Վահան Յովհաննէսեան, որ նիւթի առարկայ ամբողջ ժամանակամիջոցին տեւաբար, Հըդահիւնի բարձրաստիճան ղեկավար էր, այժմ պաշտօնեան դարձաւ ճիշտ այդ նոյն Նախարարութեան: Ենթակայ, ստորակայ գործակալն է հիմա անոր:
Աւելին, նոյնիսկ անհատական գետնի վրայ, Հայաստանի Հանրապետութեան այն յատուկ նախարարը որ, իր իսկ ձեռքով, ստորագրեց հայ-թրքական «Փրոթոքոլները», Եդուարդ Նալպանտեան, այժմ Վահան Յովհաննէսեան-ի գործատէրն է: Իր վարպետը: Իր boss-ը:
Միայն երկու ձեւերով կարելի է մեկնաբանել վերեւ պարզուած կացութիւնը՝
ա. ոչ մէկ բան կարեւոր է, ոչ մէկ բան լուրջ է կամ իսկական, ամէն բան անիմաստ է, անձնական շահերը, եսը եւ փառամոլութիւնը կը գերազանցեն ամէն բան եւ կը տիրապետեն միայն, բացարձակապէս:
Եթէ այդպէս է՝ անուշ ըլլայ, Նորին Գերազանցութիւն Պարոն Վահան Յովհաննէսեան:
Կամ (եւ ստորագրեալը աւելի կը հաւատայ այս բացատրութեան),
բ. «Փրոթոքոլներ»-ու վերաբերեալ ներազգային ահաւոր տակնուվրայութիւնը զայն տնօրինողներուն համար կեղծ էր, ձեւական եւ մարտավարական խեղկատակութիւն էր, եւ խորքին մէջ, առաջին օրէն Հըդահիւնը համաձայն էր ու համամիտ Հայաստանի Կառավարութեան, նաեւ այս մասնյատուկ նիւթին մէջ:
Եթէ այսպէս է ՝ ինչո՞ւ այս անվայել, հակաբնութայի՛ն վարքը:
Եւ ամէն պարագայի՝ խաբելու համար ո՞վ…
Նկատի ունենալով որ թշնամին շա՜տ, շատ բաներ է, բացի այսպիսի նիւթերու մէջ յիմար ըլլալէ, նշուած վարկածային կեղծիքի միակ թիրախն ու զոհը կրնայ ըլլայ հայ ժողովուրդը:
* * * * *
II. Նախագահական Ընտրութիւններ:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահական ընտրութիւններուն, 2008-ին, երկարապատուն ծէսերէ ետք, Վահան Յովհաննէսեան ձեռնադրուեցաւ Հըդահիւնի թեկնածու: Լուացողական 6.5 %-է մը ետք, Սերժ Սարգիսեանի յաղթանակին դէմ ան արտայայտուեցաւ խստութեամբ, ընդվզումով ու դառնութեամբ, եւ որպէս սկզբունքային խրոխտ քայլ՝ մինչեւ իսկ հրաժարեցաւ Ազգային Ժողովի փոխնախագահի իր պաշտօնէն:
Ճիշտ ի՞նչ պատահեցաւ, որ ան այժմ կ’ընդունի նոյն նախագահի Կաղանդի այս շողշողուն նուէրը…
Մէկդի դնելով տակաւին արժանապատւութեան եւ վարկաբեկումի վերաբերող առարկութիւններ – որոնք նոյնպէս չեն սահմանափակուիր իր անձով միայն -, ի՞նչ պատասխանել հիմա Վահան Յովհաննէսեանի – եւ հետեւաբար Հըդահի՜ւնի – հաւատացող քուէարկուներու այն համոզմունքին թէ՝ ընտրական այդ ամբողջ իրարանցումն ալ (զորս յանգեցաւ դիակներու…) ուրեմն պարզապէս խաղ մըն էր, ողբերգական զաւեշտ մը, եւ հիմա պահը հասած է վարձատրութեան ու պարգեւատրման, առկախ պարտքերու շիջանման: Այս կէտի կապակցութեամբ աւելցնելով այն իրողութիւնը որ յանկարծ, 2013-ին, երբ որ այդպիսի խաղ մը այլեւս դարձաւ վտանգաւոր, Հըդահիւնը որոշեց Սարգիսեանի դէմ նախագահական թեկնածու չներկայացնել… Որպէսզի քուէներու ցրւումը յանկարծ չվնասէ վերադարձող նախագահին:
Ուրեմն, միայն երկու ձեւերով կարելի է մեկնաբանել նաեւ վերեւ պարզուած այս երկրորդ հիմնական այլանդակութիւնը՝
ա. ոչ մէկ բան կարեւոր է, ոչ մէկ բան լուրջ է կամ իսկական, ամէն բան անիմաստ է, անձնական շահերը, եսը եւ փառամոլութիւնը կը գերազանցեն ամէն բան եւ կը տիրապետեն միայն, բացարձակապէս:
Եթէ այդպէս է՝ անուշ ըլլայ, Նորին Գերազանցութիւն Պարոն Վահան Յովհաննէսեան:
Կամ (եւ ստորագրեալը կ’ուզէ հաւատալ այս բացատրութեան, քանզի այդ յարաբերաբար մխիթարական կրնայ ըլլալ… )
բ. Քոջարեան-Սարգիսեանի վարչակարգի նկատմամբ Հըդահիւնի իբրեւ թէ «ընդդիմական» կեցուածքները լիովին կեղծ են, ձեւական ու մարտավարական են, եւ խորքին մէջ, Հըդահիւնը միշտ ու ընդմիշտ զօրավիգ է սոյն վարչակարգին:
Եթէ այսպէս է ՝ ինչո՞ւ այս անվայել, հակաբնութայի՛ն վարքը:
Խաբելու համար ո՞վ… Այս պարագային՝ ուղղակի հայ ժողովուրդը:
Որո՞ւ հաշւոյն – բառին նիւթական եւ փոխաբերական իմաստներով – … Յիշեալ ժողովուրդի Հըդահիւնի հաւատացեալներուն:
* * * * *
III. «Պաշտպանողական» անհեթեթ ջանքեր:
Վերեւ պարզուած խորտակիչ տուեալներուն -կամ գոնէ՝ շեշտակի երեւոյթներուն – դիմաց, ի՞նչ պիտի լսենք, որպէս արդարացում այս կացութեան…
Թէ Հայոց Պետութեան ընդմէջէ՞ն պիտի իրականացուին մեր Ազգի սուրբ ու վեհագոյն Գաղափարները:
Բայց այս յատուկ երգը լսեցինք 11 տարիներ շարունակ: Ոչ միայն զէրօ արդիւնքով, այլ գործընթացին մէջ նաեւ շատ բան տուժելով, կորսնցնելով, հիմնական ետ-քայլեր արձանագրելով:
Այս ուղղութեամբ նշենք նաեւ որ նիւթի առարկայ դիւանագիտական պաշտօնը անհամեմատօրէն նուազ կշիռ ունի քան թէ նախարարական դիրքեր:
Պետութեան Գործադիր մակարդակին վրայ ըլլալով, նախարար մը գոնէ տեսական հնարաւորութիւնը ունի, իրեն վստահուած առաքելութեան, մէջ հաստատելու կառավարութեան քաղաքականութիւնը: Դիւանագիտական կազմի անդամները սակայն, պարզապէս խօսնակներն են Արտագին Գործոց Նախարարութեան:
Այսինքն, եթէ պատահի որ դեսպան մը ըսէ որեւէ բան զորս չի համապատասխաներ Կառավարութեան դիրքին ու որոշումներուն, այդ ըսուածը կը հանդիսանայ դատարկ խօսք, աննշան ու ապարդիւն յայտարարութիւն: Այս ուղղութեան յատկապէս օրինակներ ունինք Շարլ Ազնաւուրի պարագային, որ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանն է տարիներէ ի վեր:
Իսկ ամէն պարագայի, ձեւակերպութենէ եւ կեղծիքէ անդին, իսկական ի՞նչ արժէք կրնան ունենալ այդպիսի թէական յայտարարութիւններ: Արդարեւ, վերոյիշեալ տարրական հիմնաւորուներու լոյսին տակ՝ ամէն անգամ որ Ն. Գ. Պարոն Վահան Յովհաննէսեան զարտուղի բան մը ըսելու ըլլայ, անմիջապէս պիտի հետեւցուի թէ այդ ալ Հայաստանի վարչակարգի կողմէ խաղ մըն է: Թէ՝ դարձեալ ու ամէն պարագայի, թելերը քաշողը նախագահն է:
* * * * *
IV. Յստակացում:
Որպէսզի որեւէ շփոթ կամ թիւրիմացութիւն չպատահի, ստորագրեալը կը յայտնէ ու կը հաստատէ թէ, ամէն բան նկատի առնելով, ինք այլեւս խնդիր չունի Հայաստանի Հանրապետութեան այժմու Վարչակարգի նկատմամբ: Ներկայ պայմաններուն մէջ, եւ տակաւին երկար ժամանակի համար, բացայայտ է որ յարմարագոյնն են Հայոց Պետութեան այսօրուայ ղեկավարները:
Էական խնդիրը որ կը մատնանշուի այստեղ՝ յատկապէս – բայց ոչ միայն – այս գծով, տեւական, մնայուն ու ծանր հակասութիւններն են, անհեթեթութիւնն է, նուազագոյն անկեղծութեան իսկ չգոյութիւնը, անվայել ու կոպիտ երկերես-երկդիմութիւնը, որոնց քայքայիչ հետեւանքները այլեւս անյեղաշրջելի են:
Մնացեալը արդէն, յաւելեալ մեկնաբանութեան չի կարօտիր…
* * * * *
V. Հանգրուանային եզրափակում (ամենայն վերապահութեամբ…) :
Վերջացնենք միայն ընդգծելով թէ Վահան Յովհաննէսեան նաեւ մարմնաւորումը կը հանդիսանար Հըդահի՜ւնի գաղափարապաշտ էութեան, գերագոյն ներկայացուցիչը՝ անոր թունդ ու արմատական հատուածին, «զուտ ու կարծր»-ներու մնացորդ հոսանքին:
Անոր իսկական հետեւորդները այդ նոյն սերունդը կը կազմեն որ, 20 տարիներէ ի վեր, ամէն առիթով կը զոհաբերուի, կը հոգեպղծուի, թէ արտաքին եւ թէ ներազգային ռիալփոլիթիքի գարշելի բագինին մէջ:
Այդ իմաստով, Բրուտոսն է որ անվերջ կը խոշտանգուի, ու այստեղ, այլեւս ամենայն հեզութեամբ , կը մնայ միայն ըսել հետեւեալ վերջին խօսքերը ընկեր Վահանին՝ «եւ դո՞ւ, Կայսր»…
Մ. Հայդուկ Շամլեան
30 Դեկտեմբեր 2013
Գանատա
Nakh Hrire Karapetyan, St.Petersburg yev hima el Vahan Hovhannisyan , Berlin.
Sa glkhaptuyt che HHD verin dasum ? Dzhvar e haskanal te inch motetsum kam qaghaqakanutyun e varum HHD byuron yev inch aknkaliq e spasum nman tegh sharzherits.
Mi gutse petq er patshach lusabanutyun trver byuroi koghmits !