ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– 26 Դեկտեմբերին տեղի ունեցած է Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի 8րդ նստաշրջանի վերջին հերթական լիագումար նիստը, զոր կը վարէր Ազգային ժողովի նախագահ Աշոտ Ղուլեանը:
Ներկայ էին կառավարութեան անդամները՝ վարչապետ Արա Յարութիւնեանի գլխաւորութեամբ:
Համաձայն կանոնակարգային պահանջին՝ հաստատուեցան, նախ, նստաշրջանի օրակարգին մէջ առաջարկուած փոփոխութիւնը, ապա լիագումար նիստի օրակարգը: Նշելով, որ օրակարգի առանցքը «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան 2014թ. պետական բիւջէի մասին» օրէնքի նախագիծը եւ պիւտճէի վերաբերող միւս օրինագիծերն են, Ազգային ժողովի նախագահը հաղորդեց, որ նախորդ նիստին պիւտճէական թղթածրարի քն-նարկումներու ընդմիջումէն ետք սահմանուած ժամկէտին ընթացքին կառավարութեան յղուած են լրացուցիչ առաջարկներ, որոնց առնչութեամբ, նոյնպէս սահմանուած ժամկէտի մէջ, ստացուած են գործադիր իշխանութեան պատասխանները:
Կառավարութեան լիազօրութեամբ ներկայացնելով յառաջիկայ տարուան գլխաւոր տնտեսական փաստաթուղթի վերջնական տարբերակը, տնտեսութեան եւ ելեւմուտքի նախարար Սպարտակ Թեւոսեանը հաղորդեց, որ քն-նարկումներու երկրորդ հանգրուանին խորհրդարանէն ստացուած է 14 առաջարկ՝ 10ն «Հայրենիք» խմբակցութեան, 4ը՝ առանձին պատգամաւորներու կողմէ, որոնք քննարկուած են կառավարութեան նիստին: Նախարարին համաձայն՝ փաստօրէն, պիւտճէին մէջ փոփոխութեան անհրաժեշտութիւն չէ առաջադրուած, բացի մէկ հարցէ. Հայաստանէն նախատեսուած միջպետական վարկը աւելցած է 52 միլիոն 131.7 հազար դրամով, որ կառավարութիւնը կ՛առաջարկէ ներառել պետական պիւտճէին մէջ՝ այդքանով նուազեցնելով նախասահմանուած պակասուրդը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ «ԼՂՀ 2014թ. պետական բիւջէի մասին» օրէնքի նախագիծի քուէարկութիւն: Խորհրդարանը ընդունեց օրէնքը՝ ձայներու 31 թեր եւ 2 դէմ յարաբերակցութեամբ:
Փակ գաղտնի քուէարկութեամբ Արշաւիր Սուրէնի Ղարամեանը, ձայներու 31 կողմ եւ 1 դէմ յարաբերակցութեամբ, նշանակուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի գլխաւոր դատախազ, իսկ Արթուր Արմէնի Մոսիյեանը՝ ձայներու 29 կողմ, 2 դէմ (եւ 1 անվաւեր քուէաթերթիկ) յարաբերակցութեամբ, Լեռնային Ղարաբաղի վերահսկիչ պալատի նախագահ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.