ՀԱՅ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ԵՒ ՀԱՅ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ ԴԷՄ ԱՌ ԴԷՄ
Վարչապետ Ռիատ Պէկ Սոլհի Որբախնամ Հայասիրութիւնը
ՊԱՏՄԱԿԱՆ ԼՈՒՍԱՆԿԱՐԻ ՎԵՐՅԱՅՏՆՈՒԹԵԱՆ ԱՌԻԹՈՎ ԵՒ ՁՕՆ՝ ԼԷՅԼԱ ՍՈԼՀԻ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻ ՀԵՏ ՀԱՆԴԻՊՄԱՆ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ
Նախաբան
Անթիլիասի Մայրավանքի մեր Մատենադարանին յարկերուն վրայ գիրքի դարաններու արահետներէն անցած միջոցիս, Ամերիկեան Նպաստամատոյց Ընկերութեան (Near East Relief) հաստատած որբանոցներուն ու ընդհանրապէս հայ որբերու առօրեային մասին լաւ հրատարակութիւն ձեռք ձգած ըլլալ կը խորհէի՝ Ղեւոնդ Տէր Պետրոսեանի հրատարակած գրքոյկին հանդիպելով, երբ նոյն օր երեկոյեան, իմ անձնական գրադարանիս մէջ տարիներ առաջ մուտք գործած մէկ այլ գիրք ուշադրութիւնս գրաւեց: Գիրքը անհրապոյր էր, միաժամանակ դեղնած եւ փխրուն էջերով: Թերեւս այդ պատճառով ալ չէր առինքնած զիս, որպէսզի կարդայի հետաքրքրութիւնս յագեցնող տեղեկութիւններով ծանրաբեռն այդ հատորը: Իրաւամբ, այդ գիրքը վերոյիշեալ նիւթին մասին աւելի ընդարձակ ծանօթութիւններ կը բովանդակէր, իսկ այնտեղ տպուած մի քանի դեղնաւուն լուսանկարները աւելի՛ խօսուն ու արժէքաւոր կը դարձնէին հատորը:
Անթիլիասի որբանոցին փակումը եւ որբերու ապագան
Անթիլիասի որբանոցը 1928 թուականին վերջնականապէս փակուելով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան նոր Աթոռանիստ Մայրավանքը դարձաւ: Իր մահէն մէկ ամիս առաջ, նոյն որբանոցի նախկին սաներէն եւ իր ծննդեան 100ամեակի սեմին գտնուող Բենիամին Չաքմաքճեան, հպարտութեամբ ցոյց կու տար ինծի, 30 Յունիս 1928 թուակիր մակագրութիւնը, յիշեալ որբանոցի ամերիկացի տնօրէն՝ Ռոյ Տէյվիսի կողմէ ստորագրուած, որ զինք գնահատելով իբրեւ դասարանին բարձրագոյն միջինը ապահոված աշակերտը, ամավերջի հանդէսին, որ նաեւ որբանոցին պաշտօնապէս փակման հանդիսութեան օրն էր, անգլերէն այդ բառարանը նուիրած էր իրեն: Մակագրութիւնը հաստատուած է նաեւ որբանոցին կնիքով, որուն վրայ կարելի է ընթերցել «Near East Relief. Antilyas Orphanage» բառերը (Անգլերէն ուղղագրութիւնը պահած ենք բնագրին հարազատութեամբ:- Գ.Ծ.Վ.Չ.): Ան նաեւ յայտնեց ինծի, թէ հանդէսին օրը երկու վեղարաւորներ եկած էին, եւ իրենք յետոյ իմացած էին, որ հաստատութեան յարմարութիւնները ստուգելու համար այցելած էին այդ երկու հայ հոգեւորականները: 24 Սեպտեմբեր 1928ին, կէսօրէ ետք ժամը 2.30ին, բոլոր որբերը կ՛արձակուին Անթիլիասէն ու կը նետուին կեանքի ասպարէզ: Ի վերջոյ, համաձայնութիւն կը գոյանայ, եւ շուրջ երկու տարի ետք, 1930 թուականին, Ամերիկեան Նպաստամատոյց Ընկերութիւնը տարեկան մէկ տոլար խորհրդանշական վարձքով, հաստատութիւնը կը յանձնէ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան, եւ այնուհետեւ անիկա կը վերածուի տարագիր Հայրապետութեան նոր Աթոռանիստին:
Հայոց Ցեղասպանութենէն ճողոպրած հազարաւոր որբերու հարազատ տունը դարձած այդ վայրը, պատանի որբեր իրենց դեռ չկազմաւորուած ափերով ու տկար բազուկներով կոկած ու կառուցած էին, իրենց վերապրումով՝ ապրեցնելու համար ա՛զգը, եւ իրենց յարուցեալ կեանքին աւիշո՛վ կենսաւորելու յաջորդող սերունդները:
Գիրքին բովանդակութիւնը
Գիրքին հեղինակը Հայոց Ցեղասպանութեան ցաւը կրելէ ետք, ճաշակած է նաեւ որբանոցներուն մէջ այդ օրերուն գործադրուող կիսաքաղաքակիրթ դաստիարակութեան դառնութիւնը, որ դրական իր արդիւնքով, հայ որբերը դարձուցած էր դիմացկուն, քաջ ու արի: Նոյն գիրքին մէջ միշտ կը կրկնուի այն գաղափարը, թէ հայ որբեր դժուարութեան դիմաց ո՛չ միայն պաշտապանողական դիրքեր չէին բռներ, այլ՝ նոյնիսկ յարձակողապաշտ կ՛ըլլային, իրարու յիշեցնելով, որ իրենց ծնողներուն նման ոչխարամիտ պիտի չըլլան բնաւ ու դարձեալ պիտի չտուժեն: Անոնք որոշած էին քաջերու ազգ ըլլալ եւ երբեք չընկրկիլ թշնամիին ոյժին դիմաց, նոյնիսկ եթէ անհաւասար ըլլար իրենց մղած պայքարը: Այսպէս կարելի է բացատրել գիրքին մէջ յաճախ յիշուող կռիւները տեղացիներու հետ, շրջակայ պարտէզներէն կատարուած մանկական «կողոպուտ»ներուն հետեւանք եղող դիմադրութիւնները պարտիզպաններու «գունդ»ին դէմ եւ այլ կարգի մանկական «չարութիւն»ներ:
Միւս կողմէ, որբանոցային խստութիւնը զիրենք դարձուցած էր նաեւ ճարպիկ: Գիրքին հեղինակը կը պատմէ, թէ Անթիլիասի որբանոցի զանազան շէնքերու շինութեան համար հարկ եղած աւազը պարկերով ծովափէն կրելը աշակերտներուն պարտականութիւնն էր: Սակայն այդ յոգնեցուցիչ աշխատանքը կիսով չափ կը նուազեցնէին անզօր պատանիները իրենց հնարամիտ արարքով, երբ ճամբու կիսուն իրար հանդիպող տղաքը իրարու կը փոխանցէին ծանր պարկերը ու միայն կէ՛ս ճամբան կրած կ՛ըլլային ատոր ծանրութիւնը… Ուրեմն, այսպիսով կարելի՛ է կռահել նաեւ Լիբանանի ճարտարարուեստի վերելքին ու արհեստաւոր դասակարգին մէջ յառաջդիմութեան մրցանիշ արձանագրած հայութեան այդ սերունդի ներկայացուցիչներուն վաստակած հռչակին դրդապատճառները: Հնարամտութիւնը, եթէ որոշ չափով ծինային արմատներ ունի ըստ գիտական տուեալներու, կարելի է նաեւ ակնկալել, որ կեանքի պայմաններու բերմամբ եւս որոշ յատկութիւններ մարդոց հոգիին մէջ ծլին եւ ի վերջոյ արմատանալով՝ ճիւղաւորուին սերունդէ սերունդ:
Հեղինակը եւ Սոլհ ընտանիքը
Հակառակ որբութեան ու անոր պատճառած հոգեֆիզիքական ցնցումներուն, այդ որբերէն մին՝ Բաբգէն Տէր Գէորգեան, նաեւ դժբախտութիւնը կ՛ունենայ ընտանեկան ու ընկերային հարցերով թշուառութեան մատնուելու: Երեք եղբայրներ, ծնունդ առած Գոնիայի մէջ, հօրմէն շատ կանուխ որբացած, որբեւայրի իրենց մօր տնտեսական ծանր դժուարութիւնները մեղմելու մտօք, որբանոցէ որբանոց կը տեղափոխուին, իսկ իրենց վերջին կայանը կ՛ըլլայ Անթիլիասի որբանոցը, ճի՛շդ այն վայրը, ուր այժմ կը գտնուի Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շքեղ Մայրավանքը:
Ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի արաբ ժողովուրդներուն, ու յատկապէս լիբանանցի ժողովուրդին ասպնջականութիւնը միշտ երախտագիտութեամբ յիշուած ու գովերգուած է մեր ժողովուրդի վերջին շրջանի պատմութեան էջերուն մէջ: Յաճախ ըսուած է, թէ «անոնք իրենց հացն ու ջուրը կիսեցին մեզի հետ», այսինքն ինչ որ մեր դարաւոր դրկից թուրքը զլացաւ ու երախտամոռ ըլլալով՝ իր բնակած երկրի շինարար տարրը աքսորեց ու ջարդեց, արաբ ժողովուրդներ, ընդհակառակը, իրենց վաստակած սնունդէն բաժին հանեցին աքսորականներուն, վերստին կեանք պարգեւելով հայու կմախքացեալ խլեակներուն:
Բաբգէն Տէր Գէորգեանի որբութեան համեստ կեանքին պատմութիւնը կու գայ հաստատելու, որ Լիբանան այդ ասպնջականութիւնը ցուցաբերեց նաեւ բարձրագոյն մակարդակի վրայ: Իր գիրքին առաջին էջերուն, հարազատները կորսնցուցած այս որբը աղօթք արձանագրած է առ Բարձրեալն Աստուած, որ հակառակ զինք որբացնելուն, յաւիտեան որբ չէր թողած, այլ իրեն ղրկած էր հայր, մայր, քոյր ու եղբայր, հրաշքի համազօր պայմաններու տակ զինք յանձնելով անկախ Լիբանանի անդրանիկ վարչապետ Ռիատ Սոլհի հովանաւորութեան: Հեղինակը երախտագիտութեամբ կը յիշէ վարչապետը, զայն կոչելով «պաշտպանս ու բարերարս»:
Կեանքի պայքարին մէջ նետուած այս որբը, Անթիլիասի որբանոցի երիտասարդներուն գործ հայթայթող պատասխանատու անձին՝ Ղեւոնդ Տէր Պետրոսեանի կողմէ զանազան արհեստներու կը դրուի, սակայն իր «չարութիւններ»ով միշտ կը վտարուի գործէն, եւ կամ ալ ի՛նք կը փախուստ կու տայ, անհնար գտնելով յանցանքին սրբագրութիւնը: Այդ փախուստները զինք կը տանին երբեմն երկրէ երկիր՝ Հոլանտա (Րոթըրտամ), Յունաստան, ուրկէ Փիրէայի նաւահանգիստէն նաւ նստելով, Աղեքսանդրիոյ վրայով կը վերադառնայ Լիբանան: Մեծ եղբայրը գտնելով, մի քանի օր հիւր կ՛ըլլայ անոր տան մէջ, սակայն շուտով դարձեալ ինքզինք կը գտնէ արդէն հանգուցեալ վարչապետ Ռիատ Սոլհի երրորդ դստեր՝ Մօնայի պալատին մէջ, որուն աշխատաւորներուն շարքին տեղ կը տրուի իրեն, ինչպէս նաեւ սնունդ՝ պատուական այդ տան խոհանոցէն:
Եւ Լիբանանի վարչապետին որբախնամ հայասիրութիւնը կը շարունակուի իր աղջկան ճամբով…
Բաբգէն Տէր Գէորգեանի դեղնաւուն էջերով գիրքին մէջ պահուած մեծ անակնկալը, սակայն, Սոլհ ընտանիքի մեր օրերու ականաւոր ժառանգորդ եղող մեծանուն անձնաւորութեան, վարչապետ Ռիատ Սոլհի չորրորդ դստեր՝ նախկին նախարարուհի Լէյլա Համատէ-Սոլհին կը վերաբերի:
Որբութեան դժբախտ պարագաներու ներքեւ մեծցած հեղինակը, որ նախախնամութեան ձեռամբ հովանաւորութիւնը ստացած էր վարչապետ Սոլհի, կը յիշէ թէ Կիրակի օրերը սովորաբար կ՛երթար Րաս Էլ-Նապայի անոր տունը, փոքրիկ աղջնակը՝ Լէյլան գրկած կը պտըտցնէր պարտէզներուն մէջ եւ ուսին վրայ զայն քնացնելէ ետք, կը վերադարձնէր տուն: Այս տեղեկութիւնը պարփակող էջին վրայ, Բաբգէն Տէր Գէորգեան նաեւ զետեղած է այն լուսանկարը, որուն մէջ կ՛երեւին ինք եւ իր գիրկին՝ փոքրիկն Լէյլա Սոլհը:
Պատմութեան դարձուածքներու ի՜նչ գեղեցիկ շարունակականութեամբ, վարչապետ Ռիատ Սոլհի ու անոր ընտանիքին որբախնամ հայասիրութիւնը, մարդասիրական նոյն ուղին կը շարունակէ ներկայ ժամանակներուն, այս անգամ միեւնոյն ընտանիքի կրտսերագոյն ներկայացուցիչներէն տիկ. Լէյլա Սոլհի բարի ծրագրաւորումով: Դպրոցներ՝ բոլոր համայնքներէն, հիւանդանոցներ՝ ամէն շրջաններու մէջ, բարեսիրական հաստատութիւններ՝ առանց խտրութեան, Սէուտական Արաբիոյ իշխաններէն՝ Ուալիտ Պըն Թալալի հովանաւորութեամբ ստեղծուած Մարդասիրական Ընկերակցութեան կնիքը կը կրեն, որուն փոխնախագահուհին է իշխանին հարազատ մօրաքոյրը՝ Լէյլա Սոլհ: Լրատուամիջոցները գրեթէ ամէն օր իրենց մարդասիրական լուրերու շարքին, հեռատեսիլի պաստառէն կը ցուցադրեն հեզահամբոյր ու ժպտադէմ Լէյլա Սոլհը, որ հոգեկան անհուն գոհունակութեամբ բացումը կը կատարէ իր քրոջ՝ իշխանուհի Մօնայի զաւակին՝ Ուալիտ Պըն Թալալի մարդասիրական հիմնարկին կողմէ իրագործուած նոր ծրագիրի, արժանանալով ամէնուն սիրոյն:
Եւ բարեսիրութեան անվերջ բանող այդ ճախարակին վրայ իր ձեռքը դրած անձը՝ Լէյլա Սոլհ, ի՜նչ զուգադիպութեամբ տարիներ ետք, 17 Դեկտեմբեր 2013ին, կու գար ճիշդ այն վայրը նախկին Անթիլիասի որբանոցին, ուր իրենց ընտանիքի հարազատ դարձած հայ որբը վերապրած էր ցեղասպանին սպանդէն ու այնտեղ կը հանդիպէր հայ ժողովուրդի վերածնունդը խորհրդանշող Կիլիկեան Սուրբ Աթոռի Հայոց Վեհափառին, արժանանալով Նորին Սրբութեան բարձր գնահատանքին:
Ափսո՜ս, որ այս կեանքէն առյաւէտ հեռացած է արդէն «Կեանքը Որբանոցներու Մէջ» գիրքին հեղինակ Բաբգէն Տէր Գէորգեանը, այլապէս կրնայինք խնդրել, որ լուսաբանէր մեզ վարչապետ Սոլհի ընտանիքէն ներս տրուող կրթութեան մասին, որուն պատճառաւ անոր մեծ թէ փոքր անդամները դարձած են խղճամիտ, բարեսէր ու կարեկցող:
Բայց գործը ո՛չ միայն կը պատմէ իր անցեալին մասին, այլ այսօ՛ր եւս կը խօսեցնէ ամէնքը, երբ Լէյլա Սոլհ անմնացորդ սիրով կը կատարէ իշխանական իր գերդաստանին ազնուականի պարտականութիւնը, առա՛նց խտրութեան:
Թաւրիզ
ԳՐԻԳՈՐ Ծ. ՎՐԴ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ՝
Առաջնորդ Ատրպատականի Հայոց Թեմի