ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Հայաստանի կառավարութիւնը համաձայնութիւն տուաւ «Հանրային հեռուստաընկերութեան» եթերէն ծանուցում կատարելը արգիլող օրինագիծի թղթածրարին, ուստի անիկա պիտի ներկայացուի Հայաստանի Ազգային ժողովին: Այդ թղթածրարին մէջ նշուած է. «Հանրային հեռուստատեսութեամբ արգելւում է ցուցադրել գովազդ, բացառութեամբ սոցիալական գովազդի, ինչպէս նաեւ մշակութային եւ սպորտային հեռուստահաղորդումների ցուցադրման ժամանակ հովանաւորների մասին տեղեկութիւններ նշելու դէպքերի, բայց ոչ աւելի, քան մէկ հովանաւոր իւրաքանչիւր մշակութային եւ սպորտային հեռուստահաղորդման ցուցադրման ժամանակ»:
Հայաստանի արդարադատութեան նախարար Հրայր Թովմասեան այս օրինագիծին մասին խօսելով՝ յայտնած է. ««Հանրային հեռուստաընկերութեամբ» գովազդի հեռարձակման դադարեցումն ընդունուած քայլ է: Այդ եթերաժամանակը կը տրամադրուի տարբեր բնագաւառների հաղորդումների հեռարձակմանը»: Նախագիծերու վաւերացումով պիտի կրճատուի հանրային պատկերասփիւռի կայանէն առեւտրական ծանուցումի տեւողութիւնը՝ այդ ժամանակը տրամադրելով տեղեկատուական աւելի բարձր արժէք եւ կարեւորութիւն ունեցող հաղորդումներու:
«Ասպարէզ» ակումբի դիտարկման համաձայն՝ ծանուցողական հաղորդումներու քանակի առումով հայաստանեան 6 պատկերասփիւռի ընկերութիւնները 2013 թուականի Օգոստոսին՝ նախորդ տարիներուն հետ բաղդատած, յառաջընթաց արձանագրած են: Սակայն անոնցմէ միայն երկուքը չէին խախտած օրէնքով նախատեսուած ծանուցումի քանակը:
Դիտարկում կատարողները «Հա- յաստանի հեռուստատեսութեան եւ ռադիոյի ազգային յանձնաժողով»ին առաջարկած էին ծանուցումներու պատկերասփռման քանակական վերահսկողութիւն իրականացնել իր գործառոյթներու ծիրին մէջ: Ազգային ժողովին կ՛առաջարկուի վերականգնել Հանրային հեռուստաընկերութեան հաղորդումները ծանուցումով չընդհատելու պահանջը, օրէնքով ամրագրել Հանրային պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններու հաւասար հասանելիութեան պարտադիր պայմանը Հայաստանի ամբողջական տարածքին համար, ինչպէս նաեւ քննարկել քօղարկուած ծանուցումի կանխարգիլման օրէնսդրական կամ ենթաօրէնսդրական կարելիութիւնները՝ այդ աշխատանքին մասնակից դարձնելով հեռարձակողները, ոլորտի հասարակական կազմակերպութիւններն ու մասնագէտները:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.