ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնօ հաստատուած Հայ ճարտարագիտական խմբակին նախաձեռնութեամբ, քանի մը տարի առաջ Հայաստանի հիւսիսային շրջանները գտնուող գիւղերու մէջ հաստատուած էին կաթի շտեմարաններ, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է փճացումի վտանգին տակ գտնուող մեծ ծաւալով կաթ պահպանել:
800էն 1000 կալոնի ծաւալով չորս շտեմարաններէն կ՛օգտուին աւելի քան 3000 ընտանիքներ, որոնք յաւելեալ եկամուտ կրնան ապահովել պահեստի կաթով:
Այս ծրագիրը ընդարձակելու եւ նման շտեմարաններ Հայաստանի բոլոր գիւղերուն մէջ հաստատելու նպատակով, Հայ ճարտարագիտական խմբակը նախաձեռնած է դրամահաւաքի նոր արշաւի մը: Ձեր նուիրատուութիւնները կրնաք ուղարկել հետեւեալ հասցէին՝ Armenian Technology Group, Inc., 550 E. Shaw Avenue, P.O. Box 5969, Fresno, CA 93755-5969:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.