ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Այս տարեշրջանի աշնան, Արցախի նուիրուած քանի մը հանրային դասախօսութիւններ կազմակերպուած էին Ֆրեզնոյի մէջ:
Անոնցմէ առաջինը տեղի ունեցաւ Չարլի Քէյեան Համագաղութային վարժարանին մէջ. անոր ընթացքին, Արցախի մէջ ականազերծման աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ հաղորդեցին «Հէյլօ» կազմակերպութեան ներկայացուցիչ Կալինա Տանիէլովան ու կամաւորներ Էյմի Քըրըն եւ Օժէնի Սամիս:
Նոյեմբեր 15ին, Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գործող Հայագիտական ծրագիրին նախաձեռնութեամբ, Արցախի ու 1920ականներուն ընթացքին Կովկասի մէջ սահմանագծումներուն մասին դասախօսութիւն մը ներկայացուց Միշիկընի համալսարանի Էն Արպըրի մասնաճիւղի այցելու դասախօս դոկտ. Արսէն Սափարովը: Նոյն ձեռնարկին ընթացքին, Միշիկընի համալսարանի Տիրպոռնի մասնաճիւղէն դասախօս դոկտ. Արա Սանճեան ներկայացուց Արցախին նուիրուած հայկական Սփիւռքի մամլոյ հաղորդումներուն (1923-1985) մասին ուսումնասիրութիւն մը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.