«Լրագիր» լրատուական կայքը Երկուշաբթի, Դեկտեմբեր 16ին կը տեղեկացնէ, թէ Քալիֆորնիոյ ատեան մը «Հայկական ուժ» հրոսակախումբի անդամ Կարօ Երկանեանը դատապարտած է 8 տարուան բանտարկութեան: Ան կրնար մինչեւ 100 տարուան բանտարկութեան դատապարտուիլ:
Սեպտեմբերին, Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, թէ 59 հոգի, ներառեալ՝ Կարօ Երկանեանը, ընդունած են իրենց դէմ ներկայացուած մեղադրանքները, որոնց շարքին են՝ կողոպուտ, առեւանգում, սպանութիւն, դրամաշորթութիւն, մաքսանենգութիւն եւ զէնքի ապօրինի առեւտուր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Այս հայկական ո՞ւժ է թէ խայտառակութիւն…