
Տ.Յ.Տ.
Սուրբ Գրոց սերտողութեան խմբակներու Գոհաբանութեան օրուան սիրոյ ճաշը տեղի ունեցաւ Կիրակի, 24 Նոյեմբեր, 2013ին, Սուրբ Խաչ Մայր տաճարի «Թումանեան» սրահին մէջ։ Այս ճաշկերոյթը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնը:
Մայր տաճարի հոգեւոր հովիւ Աշոտ քհնյ. Գամպուրեանի սեղաններու օրհնութենէն ետք, Գրիգոր Մսըրլեան երկու լեզուով բացատրեց Գոհաբանութեան օրուան իմաստը, որ մեր շնորհակալական եւ երախտագիտական զգացումները յայտնելն է մեր երկնաւոր Հօր եւ Սուրբ Երրորդութեան՝ Յիսուս Քրիստոսով։
Ապա Յակոբ Տիգրանեան հրաւիրեց Վիքի Թըրնըրը, Նուարդ Պալըքճեանը եւ Մարի Եաղմուրեանը, որոնք միատեղ երգեցին «Օրհնեալ է Աստուած» շարականը՝ բոլորիս ուրախութիւն պատճառելով:
Շաքէ Սեդրակեան եւ Սիլվա Չոլաքեան կարդացին 105րդ Սաղմոսը, ուր սաղմոսագիրը գոհութիւն կը յայտնէ Աստուծոյ, հրաւիրելով արդարները, որ պատմեն Անոր սքանչելի գործերը, Տիրոջ դիմեն եւ Իրմով զօրանան։
Սագօ Կենճեան եւ Հրաչ Եսայեան հոգեւոր երգերով աւելի ուրախ մթնոլորտ մը պարգեւեցին բոլորիս: Նայիրի Գոճապապեան հայերէնով փոխանցեց իր պատգամը այն մասին, թէ ինչպէ՛ս առաջին գաղթականները Եւրոպայէն նոր աշխարհ հասնելով եւ առաջին տարուան իրենց դժուար կեանքէն ետք տեղացի բնիկներուն հետ զԱստուած փառաբանեցին՝ իրենց երախտագիտական զգացումները յայտնելով Աստուծոյ:
Սարգիս Տէրվիշեան արտասանեց Դանիէլ Վարուժանի «Սերմնացանը» բանաստեղծութիւնը: Յաջորդիւ, Էմմա Նովշադեան եւ Յարութ Մեսրոպեան կարդացին Պօղոս առաքեալի «Թուղթ առ Փիլիպեցիս»ը, ուր առաքեալը կը յորդորէ նոր քրիստոնեաները ըլլալ միշտ ուրախ Տիրոջմով եւ չմտահոգուիլ որեւէ բանով։
Ապա Թամար Կապրիէլ անգլերէնով փոխանցեց Գոհաբանութեան օրուան պատմական մանրամասնութիւնները եւ թէ ինչպէս ամերիկեան Գոհաբանութեան օրուան իմաստը հիմնուած է մեր քրիստոնէական հաւատքին վրայ, իսկ նախագահ Լինքըլն 1863ին որպէս պաշտօնապէս ազգային տօն հռչակած է զայն։ Որքա՛ն կարեւոր է, որ մեր ամերիկեան կառավարութեան ղեկավարները՝ նախագահէն սկսեալ մինչեւ ամենահամեստ կառավարական պաշտօնեան, գիտակցին քրիստոնէական հաւատքին վրայ Ամերիկայի հիմնուած ըլլալուն ճշմարտութիւնը:
Սագօ Կենճեան եւ Հրաչ Եսայեան մէջընդմէջ նուագի մասնակցութեամբ երգեցին հոգեւոր երգեր՝ ուրախ մթնոլորտ պարգեւելով բոլորին։ Իսկ Զուարթ Մերմերեան Համաստեղի «Աղօթարան» գիրքէն խորհրդալից հատուած մը կարդաց:
Շարունակելով յայտագիրը՝ Լիոնէ Մուրատեան, Մատլէն Թաթոսեան, Թագուհի Սիմոնեան, Անահիտ Ներսէսեան, Արաքսի Եղսիկեան եւ Շանթ Արսլանեան կարդացին 91 Սաղմոսէն հատուածներ։ Հոս Աստուած որպէս ապաւէն եւ պաշտպան, կը խոստանայ պաշտպան եւ զօրավիգ կանգնիլ բոլոր իրեն հաւատացողներուն։
Վերջին Աստուածաշունչի ընթերցումները կատարեցին Լուսաբեր Գապաքլեան, Վիքի Թըրնըր եւ Նուարդ Պալըքճեան. անոնք կարդացին Հին Կտակարանի Բ. Օրինաց Գիրքէն գլուխ 28, առաջին 14 համարները։
Մովսէս մարգարէ կը հրահանգէ իսրայէլացի իր ազգակիցներուն հնազանդիլ Աստուծոյ խօսքին, զգուշութեամբ գործադրել Անոր բոլոր պատուիրանները ու վայելել Աստուծոյ օրհնութիւնը իրենց տան, քաղաքին ու դաշտին մէջ։
Յայտագիրի աւարտին Յակոբ Տիգրանեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր մասնակցողներուն եւ հրաւիրեց տէր հայրը փոխանցելու իր սրտի խօսքը։
Տէր հայրը գոհութիւն յայտնեց Աստուծոյ՝ այս գեղեցիկ ճաշկերոյթ-տօնակատարութեան համար: Սաղմոս 23ի ընթերցումով եւ «Կիլիկիա» խմբերգով վերջ գտաւ սոյն հոգեպարար հաւաքոյթը։
Օրուան հասոյթը եւ սրտաբուխ նուիրատուութիւնները փոխանցուեցաւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի հոգաբարձութեան, իբրեւ նուէր եկեղեցւոյ պայծառութեան։