
ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».- Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարը Երեքշաբթի, Դեկտեմբեր 17ին, Պաքուի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Ըստ «Թրենտ» լրատուական գործակալութեան՝ հանդիպման մասնակիցները գոհունակութիւն յայտնած են երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու յաջող զարգացման կապակցութեամբ եւ ընդգծած են ուժանիւթի բնագաւառէն ներս համագործակցութեան կարեւոր նշանակութիւնը:
Ալիեւ եւ Հէյկ կարծիքներ փոխանակած են նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացին վերաբերեալ, աւելցուցած է ատրպէյճանական «Թրենտ» գործակալութիւնը: