
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Շուտով Երեւանի մէջ պիտի սկսի ջրամատակարարման համակարգի վերանորոգութիւնը՝ ֆրանսական վարկով: Այս մասին «Նիուզ»ի թղթակիցին հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենոն: Անոր համաձայն, նախագիծի մրցումին մասին պիտի յայտարարուի մօտիկ ապագային։ Այս մասին համաձայնագիրը ստորագրուած է 2009ի Մայիսին, սակայն ծրագիրի աշխատանքները տակաւին չեն սկսած:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ Երեւանի ջրային տնտեսութեան մէջ նախատեսուած է մինչեւ 22 միլիոն տոլարի վարկային եւ դրամաշնորհային միջոցներով ներդրումներ կատարել: «Երեւան æուր» ընկերութեան պայմանագիրներու կառավարման եւ իրաւաբանական հարցերով տնօրէն Արտակ Մալխասեան «Նիուզ»ի թղթակիցին յայտնած է, որ Հայաստանի կառավարութեան եւ «EBRD»ի միջեւ 7 միլիոն տոլար վարկի վերաբերեալ համաձայնագիրը հաւանաբար ստորագրուի մինչեւ յառաջիկայ Յուլիսի վերջը: Կ՛ենթադրուի, որ ծրագիրի իրականացման վերահսկէ Երեւանի քաղաքապետարանը:
Ըստ EBRD կայքի տեղեկութեան, դրամատունը միւս 7 միլիոն տոլարը վարկի ձեւով կը պատրաստուի խնդրել Եւրոպական դրացնութեան քաղաքականութեան Ներդրումային գործիքէն: Հայաստանի կառավարութեան եւ ֆինանսական այլ աղբիւրներու տնտեսական ներդրումները հաշուի առնելով՝ ծրագիրին ընդհանուր ծախսը կրնայ կազմել 21.94 միլիոն տոլար:
«Վարկային ծրագրի աշխատանքներն ընդգրկելու են քոթեջային թաղամասերում ջրատար համակարգերի վերանորոգումը, ինչպէս նաեւ խողովակատարից սեփական տան համակարգին միանալու հնարաւորութիւնը: Այդպիսով, սեփականատէրերի հետ կը տարանջատենք ենթակառուցի համար պատասխանատուութիւնը», դիտել տուած է է Մալխասեան: Կը նախատեսուի կատարելագործել 25-30 հազար սեփական տուներու ենթակառոյցները («Երեւան Ջուր»ի սպասարկման գօտիին մէջ կայ 85 հազար):
Ծրագիրով նախատեսուած են նաեւ ջրամատակարարման համակարգի հատուածաւորման աշխատանքներ: