ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլուն հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մէջ կարգաւորման գործընթացի նմանողութիւն ապահովելու համար իր պատուիրակութեան մէջ ներառած է Պոլսոյ հայկական «Ակօս» շաբաթաթերթի գլխաւոր խմբագիր Ռոպեր Քոփթաշը, «Թարաֆ» պարբերականի նախկին գլխաւոր խմբագիր եւ համակարգող Մարգար Եսայեանը եւ տարիներ առաջ Լեւոն Տէր Պետրոսեան-Ալփարսլան Թիւրքեշ հանդիպումը կազմակերպած Սամսոն Օզարարատը:
«Հիւրրիյէթ» օրաթերթը վերոյիշեալ հայերուն անունը յիշելով՝ դիտել տուած է, որ անոնք պատուիրակութեան անակնկալներն են։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.