
ՖՐԵԶՆՕ.- Ֆրեզնոյի Սուրբ Երրորդութիւն Մայր եկեղեցին Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 4ին կազմակերպած էր հայրենի

արուեստագէտ Արեւ Պետրոսեանի նկարչական գործերուն ցուցահանդէսը, որ տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ սրահին մէջ։
Ձեռնարկը կը վայելէր առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի հովանաւորութիւնն ու ներկայութիւնը. հիւրընկալութիւնն ու հովանաւորութիւնը ստանձնած էին գաղութի նուիրեալներէն՝ Ֆիլիփ եւ Ֆլորենս Փառնաքեաններն ու Տէյվիտ եւ Լինտա Յովհաննէսեանները։ Ցուցադրութեան դրուած 13 գեղանկարները յատկապէս պատրաստուած էին այս ցուցահանդէսին համար։
Բացման խօսքը արտասանեց Էրըն Փառնաքեան-Մելքոնեանը, որ ներկայացուց արուեստագէտն ու անոր վաստակը։ Սրտի խօսք արտասանեց նաեւ արուեստագիտուհին՝ Արեւ Պետրոսեանը, որ բացատրեց, թէ այս ցուցահանդէսը իրեն համար յատուկ նշանակութիւն ունի, եւ զայն կը նկատէ հայրենի արուեստի աշխարհին ու Միացեալ Նահանգներու հայկական ամէնէն հին գաղութներէն Ֆրեզնոյի միջեւ կամուրջ մը։ Արուեստագիտուհին յայտարարեց, թէ իր գործերէն երկուքը կը նուիրէ Ս. Երրորդութիւն Մայր եկեղեցւոյ։ Իսկ նկատի ունենալով, որ ծխական համայնքը յառաջիկայ տարի պիտի նշէ եկեղեցւոյ կառոյցին 100րդ տարեդարձը՝ ան խոստացաւ սրահին պատը զարդարել նոր գեղանկարով մը։
Ողջոյնի եւ գնահատանքի խօսքեր արտասանեցին հոգաբարձութեան ատենապետ Վարուժան Տէր Սիմոնեանը եւ հովանաւոր Ֆիլիփ Փառնաքեանը։
Օրհնութեան ու փակման իր խօսքին մէջ, սրբազանը բարձր գնահատեց հայրենի արուեստագիտուհիին նուիրումն ու հաւատքը, մանաւանդ որ անոր գործերը արտացոլում են իր հաւատքին, ներաշխարհին ու ապագայի նկատմամբ յոյսին։ Առաջնորդը նաեւ ողջունեց այս հինաւուրց գաղութին հետ հայրենի մշակոյթի աշխարհին հաղորդակցութիւնը՝ այս ցուցահանդէսին ճամբով, ու դրուատեց նախաձեռնողները։
Ցուցահանդէսը բաց մնաց նաեւ Դեկտեմբեր 5ին։