ԵՐԵՒԱՆ, «Փան Արմինիըն».– Դեկտեմբեր 6ին Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ «Խաղողը կեանք է» բարեսիրական աճուրդը, որուն կը մասնակցէին գինիի արտադրութեամբ ու ներմուծմամբ զբաղող ընկերութիւններ՝ տեղական, ինչպէս նաեւ արտասահմանեան՝ իտալական, սպանական, չիլիական: Աճուրդին ընթացքին ներկայացուած էին ընտրանի բացառիկ խմիչքներ, որոնց մէկ մասը յատուկ բերուած էր Հայաստան՝ աճուրդին ներկայացուելու համար: Մասնաւորապէս ներկայացուած էին «Արարատ Նոյեան Տապան» կոնեակ՝ 70 տարեկան, Pian dell Vigne, Tignanello, 1877թ. սպիտակ թնդեցուած գինի Մադեռա, Cristal Rose Vintage 2005 եւ այլ իւրայատուկ խմիչքներ:
Այս նախաձեռնութեան մասնակցեցան աշխարհահռչակ Անթինորի գինեգործական ընտանիքի ներկայացուցիչ, փորձագէտ Կուիտօ Վանուքքին, ինչպէս նաեւ արհեստավարժ Սոմելյէ Ռիտլ գինիի նշանաւոր ընկերութիւնը, Ալեքսանտր Զօրինը եւ խմիչքներու արտադրութեան ոլորտին մէջ նշանաւոր այլ մասնագէտներ:
«Մեզի համար մեծ պատիւ է հոս գտնուիլ՝ օգնելու համար հիւանդ երեխաներուն», ըսած է Կուիտօ Վանուքքին: Հայկական գինիին մասին խօսելով՝ ան դիտել տուած է, որ քանի մը տարի առաջ այցելած է Հայաստան, սակայն այսօր արդէն բաւական մեծ յառաջդիմութիւն նկատելի է։ Սակայն, ըստ անոր, իտալական, ֆրանսական գինիի շուկաները շատ բարդ են հայկական գինիի մուտքին համար, քանի որ այդ երկիրներուն մէջ նախապատուութիւնը կու տան տեղական գինիներու արտադրութեան։
Այս նախաձեռնութեան կազմակերպիչ «Ամերիաբանկ»ի գլխաւոր տնօրէն, տնօրինութեան նախագահ Արտակ Հանեսեանը նշած է, որ իւրաքանչիւր աճուրդին գումարին հետ կ՛աւելնայ նաեւ մասնակիցներուն թիւը։ Ըստ անոր, այս տարուան աճուրդին ամբողջ հասոյթը պիտի յատկացուի 17 հիւանդ երեխաներու բուժման. աւելի՛ն, դրամատունը պիտի կրկնապատկէ գոյացած գումարը:
Աճուրդին ընթացքին կարելի եղած է հաւաքել 27.1 միլիոն դրամ, 3,473 միլիոն դրամ գոյացաւ նուիրատուութիւննեով: 30, 573 միլիոն դրամը «Ամերիա» ընկերութիւններու խումբը կրկնապատկած է, ուստի գումարը հասած է 61,146 միլիոն դրամի:
Աճուրդի ամբողջ գումարը պիտի յատկացուի քաղցկեղային, արեան, յօդացաւի եւ հրատապ բուժում պահանջող այլ հիւանդութիւններ ունեցող երեխաներու բուժման:
Գումարը պիտի փոխանցուի «Նուիրիր կեանք», «Օգնենք հայ մանուկներին», «Երեխաներ առանց ցաւի» հիմնադրամներուն եւ «Էխօ» կազմակերպութեան կողմէ արձանագրուած 17 երեխաներու, որոնք արդէն բուժման հանգրուանի մէջ են եւ դրամական օգնութեան խիստ կարիք ունին:
Նշենք, որ 2010 թուականին «Ամերիա» ընկերութիւններու խումբը առաջին աճուրդին հաւաքեց 19 միլիոն դրամ, 2011ին՝ 21 միլիոն դրամ, 2012ին՝ 79 միլիոն դրամ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.