
ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Ահմետ Տաւութօղլու Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 12ին Երեւան պիտի մեկնի՝ Սեւծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին առիթով, եւ ինչպէս կ՛ակնկալուէր, այս այցելութեան հետ միասին, օրակարգի պիտի գայ նաեւ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու հարցը։ Արդարեւ, նախատեսուած է, որ Տաւութօղլու երկկողմանի հանդիպումներ ունենայ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանի ու իր պաշտօնակից Եդուարդ Նալբանդեանի հետ։
Թրքական աղբիւրներ կը հաղորդեն, որ Տաւութօղլու կարեւոր առաջարկ մը կը տանի Հայաստանի իշխանութիւններուն։ Առաջարկը հետեւեալն է. Հայաստան պէտք է պարպէ Ատրպէյճանի գրաւեալ եօթը շրջաններէն երկուքը, իսկ ատոր փոխարէն՝ Թուրքիա պիտի բանայ Հայաստանի հետ սահմանադուռը։
«Աքշամ» օրաթերթը, որ այս տեղեկութիւնը կը հաղորդէ որպէս օրուան քաղաքական օրակարգի կարեւոր լուր, կը նշէ, թէ Անգարա պատրաստ է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները բնականոն դարձնելու եւ սահմանները բանալու, եթէ այդ երկիրը Ատրպէյճանին վերադարձնէ գրաւեալ այն երկու հողատարածքները, որոնք հայոց բանակի հսկողութեան ներքեւ կը գտնուին Ղարաբաղեան պատերազմէն ետք։ Թերթը կը նշէ նաեւ, որ Տաւութօղլուի այս առաջարկը «հասունցաւ» վերջերս Վիեննայի մէջ կայացած Սարգսեան-Ալիեւ հանդիպումէն ետք, իսկ հիմա Թուրքիա որոշեց գործածել առիթը եւ միջամուխ ըլլալ հակամարտութեան լուծման գործընթացին։
Թուրքիոյ դիւանագիտական շրջանակներ կը պնդեն, թէ այս առաջարկը կարեւոր առիթ է Հայաստանի համար: «Աքշամ»ի համաձայն՝ սահմանադրան բացումը Հայաստանի համար մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ եւ պիտի աշխուժացնէ ապրանքաշրջանառութեան ծաւալները։
Ինչպէս ծանօթ է, հայոց բանակը Ղարաբաղեան պատերազմին ընթացքին Արցախի ապահովութիւնը երաշխաւորելու համար իր հսկողութեան տակ առած էր Արցախը շրջապատող եօթը հողատարածքներ:
ծուղակը չիյնանք