
ԵՐԵՒԱՆ.– Ֆութպոլի Հայաստանի ֆետերասիոնը կը շարունակէ ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչի որոնումները՝ բանակցելով շարք մը մասնագէտներու հետ: Անոնցմէ մէկը 51ամեայ արժանթինցի Կուսթավօ Ալֆարոն է, որ Դեկտեմբերին պիտի գայ Երեւան՝ ծանօթանալու ֆութպոլային ենթակառուցուածքներուն: Այս մասին «Արմէնիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է ֆետերասիոնի նախագահ Ռուբէն Հայրապետեանը: Վերջինս նշած է, որ Հայաստանի հաւաքականի նոր գլխաւոր մարզիչին առաջադրանքը պիտի ըլլայ Եուրօ-2016ի եզրափակիչ հանգրուան հասցնել խումբը:
Կուսթավօ Ալֆարոն 1988-1992 թուականներուն Ռաֆայէլա քաղաքի խումբին մէջ կիսապաշտպան եղած է։ 1992ին սկսած է մարզել տարբեր խումբեր, որոնց կարգին՝ «Փաթրոնաթօ», «Քիւիլմես», «Պելկրանօ», «Սան Լորենցօ», «Արսենալ» եւ «Ռոսարիօ»:
2010էն Ալֆարոն «Արսենալ»ի գլխաւոր մարզիչն է: Եթէ Ալֆարոյի թեկնածութիւնը հաստատուի, ապա նան պիտի ըլլայ Հայաստանի ազգային հաւաքականը գլխաւորած արժանթինցի երկրորդ մարզիչը: