
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը Նոյեմբեր 20 թուակիր հաղորդագրութեամբ մը կոչ կ՛ընէ իր համակիրներուն եւ շրջանի հայութեան, որ իրենց մասնակցութիւնը բերեն Ֆիլիփինը հարուածած աղէտալի փոթորիկի զոհերուն օժանդակութիւն հասցնելու ՀՕՄի ջանքերուն:
Ֆիլիփինի 1.4 միլիոն քաղաքացի անմիջական օժանդակութեան կարիք ունի եւ անոնցմէ աւելի քան 500,000ը անտուն կը մնայ ներկայիս:
Նուիրատուութիւններ կարելի է կատարել՝ այցելելով
www.arswestusa.org կայքը:
ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը որոշած է հաւաքուած գումարը Ամերիկեան կարմիր խաչին միջոցաւ տեղ հասցնել:
Յաւելեալ տեղեկութեանց համար, դիմել ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան գրասենեակ՝ (818) 500-1343 թիւով: