ՆՈՒՊԱՐ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ
Օքլընտի Հայ Օգնութեան Միութեան «Էրեբունի» մասնաճիւղի տարեկան աւանդական ճաշկերոյթի ձեռնարկը, որ տեղի կ՛ունենայ Գոհաբանութեան տօնէն շաբաթ մը առաջ, այս տարի կայացաւ Կիրակի, Նոյեմբեր 17ին, Սան Ֆրանսիսքոյի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Վասպուրական» սրահին մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, յետմիջօրէի ժամը 1էն 3, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ՝ ստեղծելով տօնակատարութեան ջերմ մթնոլորտ մը:
Առաւօտեան ժամը 10էն 1, վերոյիշեալ սրահի գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ համադամ խմորեղէններու եւ անուշեղէններու վաճառք, յատկապէս պատրաստուած ՀՕՄուհիներու ձեռամբ, այս ուրախալի առիթով:
Ճաշկերոյթի աւարտին, հակիրճ զեկոյցով մը հանդէս եկաւ ՀՕՄի «Էրեբունի» մասնաճիւղի ատենապետուհի Նորա Շիրիքեանը. ան զեկուցեց ընդհանրապէս մասնաճիւղի տարեկան գործունէութեանց մասին ու մասնաւորաբար անդրադարձաւ մասնաճիւղի 80ամեակի փառաշուք տօնակատարութեան պատրաստութիւններուն՝ նշելով, որ տօնակատարութիւնը տեղի պիտի ունենայ 2014ի Մարտ ամսուան ընթացքին: Ապա Ն. Շիրիքեան անդրադարձաւ մասնաճիւղի Ուրբաթօրեայ վարժարանի գործունէութեան՝ նշելով, որ վարժարանը մեծ ջանքերով կը գոյատեւէ 21 տարիներէ ի վեր ու ներկայիս ունի 42 աշակերտներ, որոնց կը ջամբուի հայեցի դաստիարակութիւն, հայերէն լեզու, հայոց պատմութիւն, կրօնք եւ հայկական երգ ու պար:
Վարժարանը իր սպասարկութիւնները կը մատուցէ Օքլընտի ու շրջակայքի այն հայ երեխաներուն, որոնք աշխարհագրական պատճառներով զրկուած կը մնան Գռուզեան- Զաքարեան-Վասպուրական վարժարան յաճախելու առիթէն: