
ԵՐԵՒԱՆ.– Բրիտանացի նշանաւոր թաւջութակահար Սթիվըն Իսերլիսը ելոյթ պիտի ունենայ Երեւանի մէջ՝ Հայաստանի պետական ֆիլհարմոնիկ նուագախումբին հետ: Համերգը տեղի պիտի ունենայ 6 Դեկտեմբերին «Արամ Խաչատրեան» համերգասրահին մէջ: Պիտի հնչեն Երկանեան, Փրոքոֆիեւ, Մուսորկսքի։ Գեղարուեստական ղեկավարն է Էդուարդ Թօփչեանը: