ԱԲՕ ՊՈՂԻԿԵԱՆ

Երջանիկ պիտի ըլլայի, եթէ կարենայի բահ ու բրիչով, բազուկներով մասնակցիլ Հայաստանը Արցախին միացնող երկրորդ կենսական ճանապարհի շինարարութեան: Ազգային գերխնդիր մը լուծող այսպիսի ծրագիրի մը անմիջական մասնակցութիւն բերելու բերկրանքը կարելի չէ չափել:
Դժբախտաբար՝ չե՛մ կրնար: Վստահ եմ, որ կան ինծի պէս տասնեակ հազարաւոր հայորդիներ, որոնց համար այս եւ նման ծրագիրներու իրականացման մէջ բաժին ունենալը հոգեկան մեծ գոհունակութիւն կը պատճառէ: Յիշենք, մի՛շտ յիշենք Գորիս-Լաչինը, որուն երկայնքով ամէն անգամ երբ կ՛անցնինք, մեր նուիրած լուման կը վկայակոչենք ու կը հպարտանանք, թերեւս՝ նոյնիսկ կը գոռոզանանք:
Հիմա ալ հպարտանալու, գոռոզանալու առիթ մը կը ներկայացուի մեզի: Եկէք այդ առիթը չփախցնենք: Եկէք յաղթահարենք այս ձեռնարկին մասնակցելէ հրաժարելու ամէն տեսակի փորձութիւն, եկէք վայելենք համազգային նշանակալի ձեռնարկի մը՝ ձեռք-ձեռքի տուած աշխատանքին պարգեւած հաճոյքը: Չմոռնա՛նք, Արցախը ազատագրուած է երիտասարդ ու տարեց նահատակներու արիւնով: Անոնք կողք-կողքի կռուեցան, զոհուեցան, բայց մեզի պարգեւեցին մեր բռնագրաւուած հողը: Ինչպէ՞ս կրնանք նոյնիսկ համեմատել մեր այսօրուան մասնակցութիւնը անոնց գերագոյնին հետ:
Չեմ ուզեր այս անհամեմատելին յիշելով՝ խեղճացնել ես ինձ: Բայց եւ յիշելով՝ կրնամ հաստատ ըսել, որ եթէ վաղը չմասնակցիմ Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի հանգանակութեան, ապա պիտի ամչնամ: Չէ՛, ես կ՛ուզեմ զգալ մասնակցութեան բերկրանքը:
Ապրիս