ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանը 2014-17 թուականներուն Համաշխարհային դրամատունէն պիտի ստանայ 873 միլիոն տոլար՝ գործընկերութեան ռազմավարութեան ծիրին մէջ: Այդ մասին լրագրողներուն հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին յայտնած է Համաշխարհային դրամատան Հարաւային Կովկասի հարցերով տնօրէն Հենրի Քերալին: Ծրագիրին մանրամասնութիւնները դրամատան պատուիրակութիւնը կը քննարկէ Հայաստանի կառավարութեան հետ:
Այդ միջոցներուն հիմնական մասը գոյացած է Վերակառուցման եւ զարգացման միջազգային դրամատան միջոցով: Հայաստան վերջինէն պիտի ստանայ 595 միլիոն տոլար, իսկ 84.5 միլիոն տոլար՝ Զարգացման միջազգային կազմակերպութենէն, որ յատկացումներ կը կատարէ աւելի արտօնեալ պայմաններով:
Համաշխարհային դրամատան ստորաբաժանում հանդիսացող Միջազգային դրամական համագործակցականէն պիտի ստացուի 160-190 միլիոն տոլար: «Մենք դեռ չենք որոշած, թէ ինչպէս պիտի բաշխուին այդ միջոցները, բայց հիմնական մասը պիտի կազմէ վարկաւորումը՝ շուկայականէն աւելի արտօնեալ պայմաններով», յայտնած է Քերալին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.