
ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– «Պոժոլէ Նուվօ» ֆրանսական գինիի տօնակատարութեան օրը Հայաստանի մէջ պիտի նշուի «Սաբերատուր-Սեւան» ճամբորդական գործակալութեան 25ամեակի, ինչպէս նաեւ «Եւրոպա» պանդոկի եւ «Էքզեքիւթիւ Թրաւլը» ընկերութիւններու 10ամեայ յոբելեանները:
Նոյեմբեր 21ին այդ առիթներով կայացած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին «Սաբերատուր-Սեւան» ճամբորդական գործակալութեան նախագահ-համասեփականատէր Լեւոն Պաղտասարեանը պատմած է զբօսաշրջական ընկերութեան հիմնադրութեան դժուարութիւններուն մասին: Ան նշած է, որ «Սաբերատուր-Սեւան»ը հիմնուած է Խորհրդային տարիներուն՝ «Վերակառուցման» շրջանին, 1988ին: Պաղտասարեան յիշեցուցած է, որ «Ինտուրիստ»ը այն ատեն զբօսաշրջական ոլորտին մէջ մենաշնորհ ունէր եւ կը կազմակերպէր արտասահմանցիներու այցելութիւնները: «Պարոն Սարգսեանի հետ որոշեցինք մեր գրասենեակը ստեղծել Երեւանում, որովհետեւ այդ ժամանակ Գորբաչովը թոյլատրում էր կապիտալի 50 տոկոս մասնաբաժնով արտասահմանեան ընկերութիւններ ստեղծել: Բաւական աշխոյժ աշխատանք սկսեցինք, բայց պէտք է ասել, որ դժուար տարիներ էին», նշած է Պաղտասարեանը:
Անդրադառնալով 10 տարի առաջ Երեւանի մէջ հիմնադրուած «Եւրոպա» պանդոկին՝ Պաղտասարեան յայտնած է, որ booking.com համակարգով անիկա 10 ամբողջական կէտերէն 8.3 վարկանիշ ստացած է, ինչպէս նաեւ տիրացած է որակաւորման վկայագիրի՝ «Թրիփ էտվայզըր» ընկերութեան կողմէ: Պաղտասարեան նշած է սակայն, որ ձեռք բերուածով չէ բաւարարուած ու պիտի ձգտի աւելիին։
Պաղտասարեան «Պոժոլէ Նուվօ»ի տօնը հետաքրքրական նկատած է՝ դիտել տալով, որ անիկա ընտանիքներուն առիթ կ՛ըլլայ համախմբուելու եւ միասնաբար ուրախ պահեր անցընելու:
Հայաստանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Հանրի Ռենօն նշած է, որ երեք ընկերութիւններն ալ իրենց մեծ ներդրումը ունեցած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւններու զարգացման առումով։ «Բարեկամութեան ոգիով տոգորուած երկու այրեր միացան, եւ իբրեւ արդիւնք ունեցանք այսպիսի յաջող ձեռնարկ մը», դիտել տուած է դեսպանը:
Անդրադառնալով «Պոժոլէ Նուվօ» գինիի տօնին՝ դիւանագէտը նշած է, որ անիկա տարածուած է աշխարհի 120 երկիրներու մէջ եւ բացատրած է, որ «Պոժոլէ Նուվօ»ն հայկական մաճառի աւելի ազնուական տեսակն է: Անոր համաձայն, նախորդ տարի Ֆրանսայի մէջ արտադրուած է 32 միլիոն շիշ «Պոժոլէ Նուվօ», որուն կէսէն աւելին արդէն արտածուած է: Ռենօն ըսած է, որ «Պոժոլէ Նուվօ» գինիի տօնը երկրորդ անգամ ըլլալով կը նշուի Հայաստանի մէջ: Ան ասիկա լաւ առիթ նկատած է, որպէսզի ներածողները «Պոժոլէ Նուվօ» բերեն Հայաստան: