
«Բերիոյ Նիուզ» կը տեղեկացնէ, որ Հինգշաբթի, 21 Նոյեմբերին՝ երեք օրուան պրպտումներէ եւ քնութիւններէ ետք յայտնաբերուեցաւ սուրիական բանակ ծառայող հայ զինուոր Յակոբ Տէր Ղազարեանի դիակը:
18 Նոյեմբերին, զինեալ ընդիմադիրներու կողմէ ականի թիրախ դարձաւ Դամասկոսի Հարասթա (մայրաքաղաքի հիւսիսը) շրջանին մէջ գտնուող զինուորական կարեւորագոյն կեդրոններէն մէկը՝ բանակի զինուորական կառքերու ու հրասայլերու վերանորոգման վարչական երկու շէնքերով:
Նշենք, որ պայթումին հետեւանքով կեդրոնի երկու շէնքերը ամբողջութեամբ փուլ գալով՝ պատճառած էին տասնեակ զոհեր եւ վիրաւորներ:
Կարգ մը զոհերու ինքնութիւնը յստակացած էր, սակայն տակաւին կան դիակներու բեկորներ, որոնց պատկանելիութիւնը «Տի.Էն.Էյ.» քննութիւններուն միջոցով միայն կարելի պիտի ըլլար բացայայտել, հետեւաբար երեք օրուան պրպտումներէ եւ քնութիւններէ ետք ի յայտ եկաւ, որ զոհերու կարգին է սուրիական բանակ ծառայող հայ զինուոր մը՝ 14 Սեպտեմբեր 1988ի ծնունդ Յակոբ Տէր Ղազարեան: