ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- «Այքըրը Տողրուլար» կայքի յօդուածագիր, հայազգի Նատիա Ույկուն յօդուած մը գրած է հայ որբերու կողմէ գործուած գորգի պատմութեան եւ այդ գորգին հանդէպ Ամերիկայի կառավարութեան վերաբերումին մասին։ Ինչպէս ծանօթ է, այս գորգը, որ բանուած է 1915էն ետք որբ մնացած հայ մանուկներու կողմէ, ներկայիս կը մնայ Սպիտակ տան մէջ. անիկա Դեկտեմբերին պիտի ներկայացուէր հանրային ցուցադրութեան համար, սակայն Սպիտակ տունը մերժեց զայն ցուցադրել։
Ստորեւ՝ յօդուածին վերջին մասը.
«Որբերու այս գորգը եթէ լեզու ունենար, ինչե՜ր կ՛ըսէր, գիտէ՞ք։ Ամէն օղակ ու հանգոյց լեցուն է հայ ազգի վերապրած տառապանքով ու ցաւով, պատկերները որբերու լուռ հառաչանքով է, որ գոյն ստացած են եւ այժմ այդ գորգը, փոխանակ կենդանի պատմութիւն ըլլալու, լքեալ վիճակով կը մնայ պահեստի մը մէջ։ Մենք՝ հայերս, սա հարցումը կ՛ուղղենք Սպիտակ տան ներկայացուցիչներուն: Հայ որբերու գորգը մէջտեղ հանելէ ետք, պատմութիւնն ալ պիտի վերյիշուի եւ հետեւաբար՝ ձեր սիրելի բարեկամ Թուրքիոյ սիրտը պիտի կոտրի։ Մենք ըսենք այն, զոր դուք չէք կրնար մեկնաբանել: Ազատութիւններու երկիր Ամերիկա, մի՛ խնդացնէք մեզի. ձեր ազատութիւնները, դժբախտաբար, շահերով կը սահմանափակուին»։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.