
ԵՐԵՒԱՆ, «Մեդիամաքս».– «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրի տնօրէն Արէն Ափիկեան 18 Նոյեմբերին յայտնած է, որ մինչեւ 2017 թուական նախատեսուած է աւարտին հասցնել Տաթեւի վանական համալիրի վերանորոգումը:
Անոր համաձայն, ներկայիս կը կատարուին նախապատրաստական աշխատանքները, երկրաչափական հետազօտութիւնները, վանքի պատերու մակերեսներու լազերային զննումը:
«4 տարի անց՝ 2017 թուականին Տաթեւի վանքը կը դառնայ 1111 տարեկան: Այդ խորհրդանշական տարեթուի նախօրէին նախատեսում ենք աւարտին հասցնել վանական համալիրի վերականգնումը: Վանքի վերականգման բոլոր ծրագրերը հաստատւում են Մայր աթոռ Ս. Էջմիածնի կողմից: Վերականգման նախագիծը պատրաստ կը լինի 2014թ. վերջում եւ կը ներկայացուի հանրութեանը», յայտնած է ծրագիրի տնօրէնը:
Արէն Ափիկեան աւելցուցած է, որ վանքը եւ անոր յարակից տարածքները վերանորոգումէն ետք պիտի յարմարեցուին նաեւ յատուկ կարիքներ ունեցող անձերուն:
Խօսելով Քաղաքաշինութեան նախարարութեան կողմէ 5 Նոյեմբերին հաստատուած վանքի պահպանական գօտիի կառուցապատման նախագիծի մասին՝ Արէն Ափիկեան զայն գնահատած է «օգտակար՝ զբօսաշրջային գօտու զարգացման համար»:
«Վանքի շրջակայ տարածքներում ունենք անօրինական կառուցապատման հետ կապուած բազմաթիւ խնդիրներ, եւ այդ փաստաթղթի նպատակներից մէկն է լուծել անօրինական շինութիւնների խնդիրը», նշած է ան: Ա. Ափիկեանի համաձայն՝ «փաստաթղթի բովանդակային մասի հետ կապուած ունենք որոշակի վերապահումներ ու յուսով ենք, որ դրանք հաշուի կ՛առնուեն»:
Խօսելով վերապահումներուն մասին, RVVZ եւ IDeA հիմնարկներու գործադիր տնօրէն Արտակ Մելքոնեան ըսած է. «Փաստաթուղթը պէտք է հաշուի առնի դէպի Տաթեւ եկող զբօսաշրջային հոսքերը եւ այն իւրայատուկ պատմամշակութային եւ հոգեւոր միջավայրը, որն առկայ է Տաթեւի վանքի շուրջ: Յոյսով ենք, որ մինչեւ տարեվերջ փաստաթղթում փոփոխութիւններ կը մտցուեն»:
Նշենք, որ «Տաթեւի վերածնունդ» ծրագիրը սկսած է երեք տարի առաջ: Ծրագիրի նուիրատուներն են 140 անհատներ՝ 18 երկիրներէ: Եթէ մինչեւ «Տաթեւեր» ճոպանուղիի գործարկումը վանք կ՛այցելէր մէկ-երկու տասնեակ մարդ, ապա այսօր աշխատանքային օրերուն այցելուներու թիւը կը հասնի քանի մը հարիւրի: Երեք տարուան ընթացքին վանք այցելած է շուրջ 250 հազար մարդ, որուն 210 հազարը օգտուած է «Տաթեւեր»էն: