
ՊԸՐՊԵՆՔ.- Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 4ի երեկոյեան, «Հայաստան» հիմնադրամի տնօրէն խորհուրդի հերթական ժողովը գումարուեցաւ Արեւմտեան թեմի Ազգ. առաջնորդարանին մէջ, Պըրպենք: Օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր յառաջիկայ Գոհաբանութեան օրուան դրամահաւաքը՝ թելեթոնը:
Առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, իբրեւ տնօրէն խորհուրդի անդամ, ներկայ եղաւ ժողովին, որուն մասնակից էին մեր համայնքի կազմակերպութեանց ներկայացուցիչները: