ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հմուտ ճարտարապետ եւ ազգային գործիչ Հարմիկ Յակոբեանի «Կեանքիս Էջերից» յուշագրական երկրորդ հատորին ողջունահանդէսը, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 7ի երեկոյեան վերածուեցաւ մեծարանքի երեկոյի մը, երբ առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան անակնկալով մը զայն պարգեւատրեց Ազգ. առաջնորդարանի «Ս. Տրդատ Թագաւոր» շքանշանով։
Ողջունահանդէսը կազմակերպուած էր Իրանահայ միութեան կողմէ եւ կայացաւ միութեան Կլենտէյլի կեդրոնին մէջ, հովանաւորութեամբ առաջնորդ սրբազանին եւ ներկայութեամբ գրասէր ու մեծարեալին վաստակը գնահատող հանրութեան։ Առաջնորդին կ՛ընկերանային Նարեկ Ա. քհնյ. Փեհլիվանեան եւ Կոմիտաս քհնյ. Թորոսեան։ Ներկայ էին Ազգ. վարչութեան ատենապետուհի Ռիմա Պօղոսեան, կազմակերպիչ միութեան վարչութեան ու գրական-մշակութային յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ։
Հարմիկ Յակոբեան ճարտարապետին՝ գիրքի էջերէն արտացոլացող անձին, վաստակին եւ ծառայական կեանքին մասին խօսեցան Իրանահայ միութեան ներկայացուցիչներ եւ մեծարեալի բազմամեայ գործակիցներէն Օննիկ Հայրապետեան ու Օշին Քէշիշեան։
Յայտագիրի եզրափակիչ խօսքը արտասանեց առաջնորդը։ Ան ողջունեց Իրանահայ միութիւնը այս նախաձեռնութեան առիթով, որ անցաւ ջերմ, մտերմիկ ու ընտանեկան մթնոլորտի մէջ։ Ան յայտնեց, թէ ինք նախապէս ծանօթ էր Հարմիկ Յակոբեանին, սակայն երբ նոր հրատարակուած գիրքէն օրինակ մը նուիրելու համար առաջնորդարան այցելեց, առիթ ստեղծուեցաւ, որ աւելի մօտէն ծանօթանայ անոր անձին ու վաստակին. ան վկայեց, թէ Յակոբեան արթուն միտքով օժտուած անձ մըն է, որ իր ազնիւ կնոջ հետ միասին տասնամեակներ շարունակ ծառայած է մեր ժողովուրդին, եղած է դպրոցի հիմնադիր եւ արդարահատոյց Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանի հեղինակը, նաեւ մասնակցութիւն բերած է Մոնթեպելլոյի յուշարձանի կերտումին։ Առաջնորդը նկատեց, որ այս հատորը միայն յուշագրութիւն չէ, այլեւ՝ մտորումներու եւ վաւերագրումի արտայայտութիւն, որ պատգամ մը կը փոխանցէ յաջորդ սերունդներուն։
Նկատի ունենալով, որ այս ձեռնարկը կը զուգադիպէր մեծարեալի ծննդեան տարեդարձին, սրբազանը ձայնակցեցաւ շնորհաւորանքի արտայայտութիւններուն՝ մաղթելով, որ ան իր կեանքը կերտէ առողջութեամբ ու թուղթին յանձնէ նման հատորներ։
Առաջնորդը մեծ անակնկալը վերապահած էր խօսքի աւարտին։ Ան յայտարարեց, որ առ ի գնահատանք Հարմիկ Յակոբեանի կեանքի վաստակին ու ծառայութիւններուն, անոր կը շնորհէ «Ս. Տրդատ Թագաւոր» շքանշանը։ Առաջնորդը ընթերցեց պարգեւատրման օրհնութեան գիրը, որուն մէջ դրուատիքով կ՛անդրադառնայ Հարմիկ Յակոբեան ճարտարապետի վաստակին, կրթանուէր ծառայութիւններուն ու մանաւանդ՝ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանի հեղինակը ըլլալու արժանիքին։ Ան մեծարեալին կուրծքը զարդարեց շքանշանով, իսկ Թերեզա Յակոբեանին նուիրեց մարգարտեայ խաչ մը, առ ի գնահատանք ամուսնոյն կողքին անոր ծառայութեան՝ իբրեւ օրինակելի մայր, մեծ մայր եւ դաստիարակ։
Պարգեւատրումէն ետք տեղի ունեցաւ նոր հրատարակուած գիրքի օրհնութեան արարողութիւնը՝ առաջնորդ սրբազանին ձեռամբ եւ աղօթակցութեամբ հոգեւոր հովիւներուն։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.