
ՆՈՒՍԱՅՊԻՆ, Թուրքիա, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 7ին, Նուսայպին քաղաքին մէջ հազարաւոր քիւրտեր բողոքի ցոյց մը կազմակերպեցին Սուրիոյ հետ սահմանին վրայ պատ մը կառուցելու որոշումին դէմ, որուն հետեւանքով՝ քաղաքը պիտի բաժնուի Սուրիոյ մէջ գտնուող Գամիշլի քաղաքէն:
Ոստիկանութիւնը արցունքաբեր նիւթեր օգտագործեց ցուցարարները ցրուելու համար, իսկ բախումներուն ընթացքին վիրաւորուեցան քանի մը ցուցարարներ:
Ներկայիս Նուսայպին ու Գամիշլի քաղաքները իրարմէ կը բաժնէ չէզոք գօտի մը, որուն մէջտեղը հաստատուած է փշաթելերով ցանկապատ մը:
Յիշեցնենք, թէ սահմանի սուրիական կողմը, քրտական ուժերը վերջին քանի մը շաբաթներուն կրցած էին շարք մը գիւղերէ դուրս մղել «Քայիտա»ի աջակցութիւնը վայելող իսլամ ծայրայեղական զինեալները:
Միւս կողմէ, թրքական ոստիկանութիւնը թրքական չորս նահանգներու մէջ վերջերս տեղի ունեցած գործողութեանց ընթացքին ձերբակալած է 16 անձեր, որոնք, կը կարծուի, թէ «Քայիտա»ի անդամներ են:
Ձերբակալութիւնները տեղի ունեցած են Էրզրում նահանգի ընդհանուր դատախազութեան ձեռնարկած հետաքննութեան ծիրին մէջ: Ըստ Երզնկա նահանգի ապահովութեան տնօրէնութեան հրապարակած հաղորդագրութեան՝ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի ուժերը միաժամանակ գործողութիւններ կատարած են:
Ապահովական ուժերը կարգ մը վայրեր ներխուժելով՝ Երզնկայի մէջ ձերբակալած են 12 անձեր, Քոնիոյ մէջ՝ 2, եւ մէկական անձ՝ Պոլսոյ ու Տիգրանակերտի մէջ:
Կ՛ակնկալուի, որ ձերբակալեալները անհրաժեշտ միջոցառումներու ամբողջացումէն ետք փոխանցուին Էրզրումի մէջ ընդհանուր դատախազութեան: