ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Դերասան Վարդան Պետրոսեանի փաստաբանը՝ Նիկոլա Բաղդասարեանը, պաշտպանեալը ձերբակալելու որոշման դէմ բողոք ներկայացուցած է՝ դիտել տալով, որ կասկածեալ անձը ձերբակալելու որոշում կը տրուի միայն այն պարագային, երբ անոր գտնուած վայրը յայտնի չէ կամ ան կը գտնուի այլ տեղ մը. ըստ անոր, ա՛յս է օրէնքին տառացի պահանջքը: «Արմէնփրէս»ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին ան յայտնած է. «Վարդան Պետրոսեանի դէպքում երկու պահանջներն էլ առկայ չեն: Այսինքն՝ ե՛ւ յայտնի էր դերասանի գտնուելու վայրը, եւ նա չէր գտնւում այլ տեղանքում: Եթէ օրէնքի այդ երկու պահանջներն առկայ չեն, ապա անձին ձերբակալելն անօրինական է»:
Ան տեղեկացուցած է, որ նախաքննական մարմինը անհասկնալի կերպով աճապարած է: Առանց Վարդան Պետրոսեանը հարցաքննելու եւ տուեալներ ձեռք բերելու, անոնք փորձաքննութիւն կը կատարեն: «Մեզ մնում է հասկանալ, թէ ինչպէս եւ ինչի հիման վրայ է որոշում է կայացուել: Պէտք է տրամադրեն փորձաքննութեան մասին որոշման օրինակը, որպէսզի մենք հասկանանք, թէ ինչի մասին է խօսքը», նշած է Բաղդասարեան՝ աւելցնելով, որ Վարդան Պետրոսեանը խնդրած է իրեն 7 օր ժամանակ տալ, որպէսզի քիչ մը կազդուրուի, սակայն քննիչը փորձած է այլ ուղղութեամբ ընթանալ:
Ներկայ դրութեամբ դերասանին առողջական վիճակը անփոփոխ է. ան ծանր, սակայն կայուն վիճակի մէջ է: Փաստաբանին համաձայն, ծանր վիրահատութեան ենթարկուելէ ետք, վերջին դէպքերուն պատճառով դերասանը գերճնշուած վիճակի մէջ է, եւ իբրեւ հետեւանք առողջական վիճակը վատթարացած է: «Քանի որ ֆիզիքապէս հնարաւոր չի նրան տեղաշարժել, հետեւաբար ոստիկաններն են հսկում նրա հիւանդասենեակը. նա որպէս կասկածեալ ձերբակալուած է», յայտնած է փաստաբանը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.