ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».– Իրաքի Հանրապետութեան փոխվարչապետ Ռոուշ Նուրի Շաուէյսի գլխաւորած պատուիրակութիւնը 7 Նոյեմբերին այցելած է Ծիծեռնակաբերդ՝ յարգելու Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը: Պատուիրակութեան անդամները ծաղիկներ զետեղած են Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակը յաւերժացնող յուշարձանին առջեւ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած են նահատակներուն յիշատակը:
Հայ-իրաքեան ցուցահանդէսին եւ ֆորումին մասնակցելու համար 5 Նոյեմբերին Հայաստան եկած էին շուրջ 120 գործարարներ եւ պաշտօնեաներ:
Նշենք, որ 2011էն ետք հայ-իրաքեան յարաբերութիւնները սկսած են արագ թափով զարգանալու: Կազմուած է միջկառավարական յանձնաժողով, որուն առաջին նիստը գումարուած է 2012 թուականին, Պաղտատի մէջ: Հայաստանի եւ Իրաքի միջեւ 6 Նոյեմբերին ստորագրուած է տնտեսական, առեւտրային, գիտական եւ թեքնիք համագործակցութեան մասին համաձայնագիր: Երկկողմանի ապրանքաշրջանառութիւնը կը գերազանցէ 50 միլիոն տոլարը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.