
Ուրբաթ, 1 Նոյեմբերի երեկոյեան Այնճարի «Սարգիս Զէյթլեան» կեդրոնի «Մովսէս Տէր Գալուստեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ շարժապատկերի ցուցադրութիւն եւ զրոյց՝ կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի վարչութեան:
Վարչութեան անդամ Սեւան Ադամեան ներկայացուց Յարութիւն վրդ. Պզտիկեանի կենսագրութիւնը եւ անոր գեղանկարչական ու գրական գործերը:
Հայր Յարութիւն, որ վերջերս ժամանած է Փարիզէն, պատմական ակնարկով մը ներկայացուց հայ ժողովուրդի հեթանոսական շրջանէն քրիստոնէութիւն փոխանցումը, որ կատարուեցաւ խաղաղ միջոցներով, հակառակ Հայաստանի ունեցած զինուորական ուժին:
Ան խօսեցաւ այն հայ կրօնաւորներուն եւ ժողովուրդին մասին, որոնք իսլամացած են Օսմանեան պետութեան բռնագրաւումին ներքեւ՝ տուրքերու եւ բռնութեան պատճառով:
Հայաստանի եւ Սփիւռքի մէջ գտնուող վարդապետարաններուն մասին խօսելով, ան ըսաւ, թէ իւրաքանչիւր վանք ունէր յատկութիւն մը, հոն հարիւրաւոր աշակերտներ տարբեր շրջաններէ գալով կը տիրապետէին տարբեր նիւթերու եւ մասնագիտութիւններու:
Ան իր խօսքը եզրափակեց ըսելով, որ պէտք է վանքերու եւ եկեղեցիներու նկատմամբ ունենանք յարգանք, որովհետեւ անոնք կը խորհրդանշեն հայութեան ինքնութիւնը ներկայացնող առաքեալները:
Վարդապետը անդրադարձաւ միջնադարու հայկական համալսարաններուն, անոնց ունեցած մեծ դերակատարութեան, յատկապէս Գլաձորի եւ Տաթեւի համալսարաններուն, ուր կուսանէին հարիւրաւոր աշակերտներ՝ հայկական տարբեր շրջաններէ:
Դասախօսութեան աւարտին ներկաները առիթը ունեցան հարցումներ ուղղելու հայր Պզտիկեանին, ինչպէս նաեւ վայելելու անոր գեղանկարչական գործերը, որոնք դրուած էին ցուցադրութեան: