Հոկտեմբեր 30էն ի վեր հրապարակի վրայ է երիտասարդ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի «Տը Փօէթ» («The Poet») խտասալիկը, զոր կը ներկայացնէ նոյնինքն արուեստագէտը, Հիւսիսային Ամերիկայի զանազան քաղաքներու մէջ: Քեպեքի մէջ սկսած այս համոյթները շարունակուեցան Սան Ֆրանսիսքոյի եւ Փորթլընտի մէջ: Այս շաբաթավերջին, Տիգրան պիտի նուագէ Քալիֆորնիոյ (Սան Տիեկօ, Սանթա Պարպարա եւ Լոս Անճելըս) եւ ապա, Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 14ին, ան ելոյթ պիտի ունենայ Պոսթընի Քէյմպրիճ թաղամասի հանրածանօթ «Ռեկաթապար» սրահին մէջ:
Այս խտասալիկին յատկութիւններէն մէկը այն է, որ ան միեւնոյն ժամանակ կ՛երգէ, այդ ալ հայերէնով:
Ան շուտով պիտի մեկնի Եւրոպա, ուր ելոյթներ պիտի ունենայ Բրիտանիոյ, Պելճիքայի, Սպանիոյ, Ֆրանսայի, Նորվեկիոյ եւ այլ քաղաքներու մէջ: Յատկապէս Ֆրանսայի մէջ, Համասեան մեծ հռչակ կը սփռէ: Իր նախավերջին խտասալիկին՝ «Ֆէյպըլ»ի («Fable») նման, հայկական երանգներ կը ներկայացնէ Համասեանը, յատկապէս ներշնչուած Կոմիտասէն:
2006ին Համասեան առաջին հանդիսացած էր հռչակաւոր «Թիոլոնիուս Մոնք»ի (Ուաշինկթըն) դաշնակի մրցումին: Նոյն տարին, ան նաեւ երկրորդ հանդիսացած էր «Մարսիալ Սոլալ» մրցումին: Նախքան այս յաջողութիւնները, ան տարի մը առաջ, Մոսկուայի եւ Մոնաքոյի մէջ մասնակցած էր մրցումներու եւ յաջորդաբար երրորդ եւ առաջին հանդիսացած էր:
Տիգրան Համասեանի անդրանիկ խտասալիկը՝ «Ուըրլտ Փեշըն» («World Passion»), տուտուկահար Ռուբէն Յարութիւնեանի, թաւ ջութակահար ՖրանսուայՄութէենի, թմբկահար Արի Հէօնիկի եւ փողահար Պեն Ուենտըլի հետ պատրաստուած է: Իսկ «Նիու Էրա» («New Era») խտասալիկին մէջ, ան տասը վայրկեանէ աւելի կը ներկայացնէ ճեզ կշռոյթով «Ապառանի Պար»ը:
Համասեան ծնած է Գիւմրի, երկրաշարժէն տարի մը առաջ՝ 1987ին: Երկու տարեկանին ան յատուկ սէր ունեցած է երաժշտութեան հանդէպ: Փոքր տարիքէն Միացեալ Նահանգներ հաստատուած է:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.