ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը տեղեկացնէ, թէ Գոհաբանութեան տօնի շաբաթավերջին կայանալիք խորհրդաժողովին ընթացքին ծրագրուած իրաւական հարցերու քննարկումը կը կազմակերպուի Հայ իրաւաբանական միութեան հետ եւ անոր պիտի մասնակցին շարք մը յայտնի իրաւաբանաններ: Արդարեւ, այս քննարկումին պիտի մասնակցին իրաւաբաններ Տէյվիտ Պալապանեան, Քէյթ Նահապետեան, Իկոր Թիմոֆայեւ եւ Էտվին Մինասեան, իսկ քննարկումը պիտի վարէ Հայ իրաւաբանական միութեան հոգաբարձական կազմի ատենապետ Կարօ Ղազարեան:
«Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը երկարամեայ գործակցութեան պատմութիւն մը ունի Հայ իրաւաբանական միութեան հետ եւ շատ ուրախ ենք, որ դարձեալ կը գործակցինք իրարու հետ, որպէսզի իրաւական դաշտի վրայ երկարամեայ տարիներու փորձառութիւն ունեցող իրաւաբաններ կարենան իրենց ներդրումը ունենալ Հայ Դատի իրաւական պայքարներուն մէջ», կը յայտնէ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլէն Ասատրեան:
Տէյվիտ Պալապանեան Հայ իրաւաբանական միութեան հիմնադիրներէն է եւ աւելի քան 40 տարիներու իրաւական փորձառութիւն ունի՝ մասնագիտանալով յատկապէս առեւտրական բարդ դատերու մէջ: Ան նաեւ կամաւոր իրաւական սպասարկութիւններ մատուցած է շարք մը մարդկային եւ քաղաքային իրաւանց պաշտպան կազմակերպութիւններու, որոնց շարքին՝ Հայ իրաւաբանական միութիւնը, Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը, «Զօրեան» հիմնարկը, Ցեղասպանութեան ուսուցման ծրագիրը, Իրաւական եւ ընկերային գործունէութեան հրէական դաշինքը, Իրաւագիտութեան եւ ցեղասպանութեանց ուսումնասիրութեան կեդրոնը: Ան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ժառանգորդներու իրաւանց ապահովման ու Սան Ֆրանսիսքոյի Տէյվիտսըն լերան խաչը Հայկական Ցեղասպանութեան յուշարձանի վերածելու աշխատանքներուն մէջ:
Քէյթ Նահապետեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի կառավարական հարցերու վարիչն է, որ ներկայիս իր ուշադրութիւնը կեդրոնացուցած է Հայկական Ցեղասպանութեան ժառանգորդներու վնասուց հատուցում ապահովելու աշխատանքին վրայ: Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբին մէջ իր պաշտօնը ստանձնելէ առաջ, ան աշխատած է իրաւական շարք մը բարդ հարցերու վրայ եւ Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարութեան Համայնքային յարաբերութեանց սպասարկութիւններու բաժանմունքին մէջ, իբրեւ վերլուծաբան: Ան միջազգային ու մարդկային իրաւանց վրայ կեդրոնանալով՝ իր իրաւագիտութեան վկայականը ստացած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Պըրքլիի մասնաճիւղի իրաւաբանական բաժանմունքէն:
Իկոր Թիմոֆայեւ իրաւաբանական «Փօլ Հէյսթինկզ» հիմնարկի իրաւաբաններէն է՝ մասնագիտանալով յատկապէս միջազգային տարակարծութեանց եւ միջնորդութեանց մարզին մէջ: Ան ներկայացուցած է շարք մը ընկերութիւններ, յատկապէս՝ սահմանադրական, արտաքին յարաբերութեանց եւ առողջապահութեան մարզերուն մէջ, ինչպէս նաեւ իրաւագիտական կամաւոր սպասարկութիւններ տրամադրած է հայ համայնքին՝ Հայկական Ցեղասպանութեան ժառանգորդներուն ի նպաստ դիմումներ ներկայացնելով Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանին եւ դաշնակցային այլ ատեաններու: «Փօլ Հէյսթինկզ»ի մէջ աշխատելու սկսելէ առաջ, ան աշխատած է Միացեալ Նահանգներու կառավարութեան Հայրենիքի ապահովութեան նախարարութեան մէջ, իբրեւ ներգաղթի քաղաքականութեան վարիչ ու գաղթականներու եւ ապաստանեալներու իրաւանց յատուկ խորհրդական:
Էտվին Մինասեան գործընկեր-տնօրէնն է իրաւաբանական «Թենընհաուս, Մինասեան ու Ատըմ» հիմնարկին, ու նախորդ ատենապետը՝ Հայ իրաւաբանական միութեան հոգաբարձական կազմին: Ան նաեւ Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի նուիրեալ անդամներէն է ու զանազան կամաւոր աշխատանքներ կատարած է տարբեր յանձնախումբերու եւ մարմիններու ընդմէջէն: Ներկայիս ան նաեւ Լոս Անճելըսի Պոլսահայ միութեան հոգաբարձական կազմի ատենապետն է ու սկսած է Պոլսոյ «Ակոս» թերթին համար սիւնակ մը գրելու՝ կեդրոնանալով յատկապէս Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան առնչուող նիւթերու վրայ:
Կարօ Ղազարեան ներկայիս երկրորդ անգամն ըլլալով ստանձնած է Հայ իրաւաբանական միութեան հոգաբարձական կազմի ատենապետի պաշտօնը. ան նաեւ Կլենտէյլի Քաղաքային սպասարկութեան յանձնաժողովի ատենապետն է՝ հսկելով քաղաքին մօտաւորապէս 1500 պաշտօնեաներու գործունէութեան: Ղազարեան նաեւ տնօրէնն է Լոս Անճելըսի մէջ գործող Իրաւաբանութեան ժողովրդային քոլեճին եւ Էնսինոյի մէջ ունի փաստաբանական գրասենեակ մը: Ղազարեան գործօն անդամ մըն է Միացեալ Նահանգներու Քրէական պաշտպան փաստաբաններու ազգային միութեան, վարչութեան անդամ է Մեքսիքացի-ամերիկացի իրաւաբանական միութեան եւ կը գործէ Երեւան հաստատուած Ազգային ու միջազգային հետազօտութեանց հայկական կեդրոնին եւ շարք մը այլ համայնքային կազմակերպութեանց մէջ:
Խորհրդաժողովին մասին յաւելեալ տեղեկութեանց կամ տեղեր ապահովելու համար, այցելել itsmyseat.com/ANCAWR կայքէջը եւ ancawr.org կայքը, կամ դիմել (818) 500-1918 թիւին:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.