
ՍԱՐԳԻՍ ՄԱՀՍԷՐԷՃԵԱՆ
«Ասպարէզ»ի մահազդներու սիւնակին մէջ երեւցաւ սպիտակահեր, սպիտակ յօնքերով ու թեթեւ, հազիւ նշմարելի ժպիտով դէմք մը, որուն վերեւ գրուած էր Բարսեղ Անանեան։ Մնացեալը՝ սովորական մահազդ մը, ինչպէս ճակատագրուած է ոեւէ հասարակ կամ յատուկ մահկանացուի՝ բոլորիս։
…1960ականներու երկրորդ կիսուն, երկորդականի աշակերտ էի Պէյրութի Պուրճ Համուտ շրջանի Հայ Աւետ. վարժարանին մէջ, որ կարճ ատեն մը առաջ կոչուած էր Շամլեան-Թաթիկեան անունով։ Երկու տարի ետք, պետական պաքալորիայի պիտի ներկայանայինք։ Դպրոցի տնօրէնութիւնը, ինչպէս որեւէ վարժարանի, նախանձախնդիր էր, որ յատկապէս այդ քննութեան առնչուած դասանիւթերուն համար ունենայինք որակաւոր, աշակերտները քննութեանց լաւապէս պատրաստող ուսուցիչներ։ Այդ դասանիւթերէն մէկն ալ քիմիագիտութիւնն էր։ Ուսումնական տարին ճամբայ ելած էր, սակայն առաջին քանի մը օրերուն քիմագիտութեան ուսուցիչ չունէինք, ճշդուած դասապահը մեծ հրճուանքով (աշակերտի խելքով) զուարճանալով ու շատախօսութեամբ կ՛անցընէինք։
Քանի մը օր ետք, պատասխանատու ուսուցիչ մը դասարան եկաւ եւ ըսաւ, որ տնօրէնութիւնը քիմիագիտութեան դասանիւթին համար ապահոված է որակաւոր ուսուցիչ մը, որ սակայն բազմազբաղ ըլլալուն (արդէն «բռնուած» էր բազմաթիւ դպրոցներու կողմէ, որոնց վրայ բաժնուած էին օրուան ժամերը), մեզի տրամադրելի էր շաբաթը երեք օր, առաւօտեան կանուխ ժամերուն, սովորական դասապահերէն առաջ, ժամը… 6։30ին։ Բնականաբար դժգոհութեան ալիք մը բարձրացուցինք, որովհետեւ պէտք էր, մանաւանդ ձմրան ցուրտ ու անձրեւոտ օրերուն, ժամը 5-5։30ին արթննալ եւ դպրոց հասնիլ ճշդուած պահուն։ Ուսուցիչը տեսնելէ առաջ իսկ, զինք ընկալեցինք թշնամական զգացումներով։
Յաջորդ առաւօտուն, բոլորս ալ դասարանն էինք. ուրիշ ձեւ չկար։ Դասարան ներկայացաւ ուսուցիչը եւ ինքզինք ներկայացուց. Բարսեղ Անանեան։ Բարձրահասակ, լայնցող ճակատով, վայելուչ եւ հանդարտ խօսակցութեամբ, անուշութիւն ծորող աչքերով երիտասարդ մըն էր. առաջին իսկ տպաւորութեամբ գրաւեց մեզ։ Անմիջապէս յիշեցի դէմքը։ Քեռիիս նախկին բնակարանին՝ մեր դպրոցին քովի թաղին մէջ, նոյն շէնքի վերի յարկի բնակիչներէն էր, «Վոլքսվեկըն» ինքնաշարժը կը «շարէր» քեռիիս բնակարանին պատուհանին տակ, ամէն առտու համբերութեամբ փոշին կ՛առնէր, կը զայրանար, երբ դրացիները պատշգամէն ինքնաշարժին վրայ մնացուկներ նետէին, բայց իր զայրոյթը կ՛արտայայտէր բարի ժպիտով մը եւ հազիւ թէ խստութիւն արտայայտոող բառերով (բացի մէկ անգամէ, երբ մէկը, ածիլուելէն ետք, օճառով խառն ջուրը թափած էր ինքնաշարժին վրայ…)։
Շուտով մոռցանք կանուխ առաւօտեան դպրոց ներկայանալու տանջանքը։ Քիմիագիտութան դասը վերածուեցաւ գիտելիքներ հաճելիօրէն իւրացնելու պահի. մենք, որ նախապէս խորշանք ունէինք գիտական եւ ուսողութեան դասերուն հանդէպ, պարզապէս սիրեցինք քիմիագիտութիւնը, ուսուցիչին մէկ բացատրութեամբ իսկ սկսանք հասկնալու բնութեան տարրերուն ամէնէն տարրական գաղտնիքները, հիւլէին ու անոր ենթամասնիկներուն դերերը, տարրերու միացումներէ գոյացող նիւթերը, սորվեցանք քիմիական խնդիրներ լուծելու ձեւերը։ Եւ սկսանք իրարու հարց տալ, թէ ինչո՞ւ բոլոր ուսուցիչներն ալ պարոն Բարսեղին պէս չէին, որպէսզի տրուածը իւրացնէինք հասկնալով, հաճոյքով, եւ անջնջելիօրէն արձանագրէինք մեր գիտելիքներու շտեմարանին մէջ, ա՛լ չմոռնալու կարողութեամբ։ Կը զգայինք, որ իրեն հանդէպ ունէինք տարբեր յարգանք մը ու համակրանք, որովհետեւ ձայնին ու շարժումներուն մէջ իսկ կը զգայինք, թէ գուրգուրանք ունէր բոլորիս հանդէպ։ Gentleman բառը աւելի իմաստ ու մարմնաւորում ստացաւ պարոն Անանեանի ներկայութեամբ։
Տարին բոլորեցինք քիմիագիտութիւնը սիրելով. քանի մը ընկերներու հետ մինչեւ իսկ սկսանք մտածել, որ եթէ համալսարան հասնինք, այս ճիւղը պիտի ընտրենք իբրեւ մասնագիտութիւն։ Թերեւս Այնշթայնն ալ ունեցած էր նման ուսուցիչ…
Յաջորդ տարին, պարոն Բարսեղը չվերադարձաւ. ափսոսացինք, որ պիտի զրկուէինք կարող ու հեզահամբոյր ուսուցիչէ մը (արդար ըլլալու համար խոստովանիմ, որ այս դասանիւթին մէջ յաջորդը նոյնքան կարող ուսուցիչ էր)։
Եւ ահա, աւելի քան 45 տարիներու «բացէ» մը ետք, նախկին ուսուցիչս, «Ասպարէզ»ի տխրեցնող մէկ անկիւնէն ծագող իր մեղմ ժպիտով՝ այսպիսի յուշերով կը թարմացնէ զիս, ինչպէս երբեմն թարմացուցած էր գիտութեանց հանդէպ իմ եւ ընկերներուս հակումները, մեր վրայ թողելով իսկակա՛ն ուսուցիչի մը կնիքը։
Պարոն Անանեանը իր կեանքի ասպարէզը կերտեց իբրեւ սիրուած ուսուցիչ։ Պէյրութի հայկական եւ ոչ հայկական դպրոցներէ ետք, ու հանգստեան կոչուելէ առաջ, ուսողութիւն եւ գիտական նիւթեր դասաւանդեց նաեւ Ազգ. Ֆերահեան վարժարանին մէջ։ Չեմ կասկածիր, որ շատեր ինծի նման կը մտածեն, որ ան արժանի է յիշատակութեան՝ իբրեւ ուսուցիչ, իբրեւ լա՛ւ ուսուցիչ։ Հայերէնով դասանիւթեր չաւանդեց, սակայն հայը նստած էր անոր հոգիին ու էութեան մէջ։ Չէ՞ որ մենք հակամէտ ենք, եւ յայտնի տրամաբանութեամբ մը, ընդհանրապէս յիշատակելու եւ յարգանք մատուցելու մասնաւորաբար հայերէն լեզու, պատմութիւն եւ մշակոյթ աւանդող ուսուցիչներու։ Քանի-քանի՜ հայ ուսուցիչներ գիտութիւն, ուսողութիւն եւ այլ նիւթեր աւանդած են հայ աշակերտներու, անոնց մէջ արմատաւորած են գիտութիւններու եւ նոր աշխարհին հետ վարուելու սէրը, կարողութիւնը, ինչպէս ըրաւ պարոն Անանեանը։ Անոնք ալ արժանի են յարգանքի ու մոմի։
Այսօր, երբ ան մեկնած է արդէն, Տէրեանի մէկ բանաստեղծութեան բառերը լաւագոյնս կրնան արտայայտել իր յիշատակը. «Բարի յիշէք ինձ ձեր սրտում, մնաք բարով, մնաք բարով…»: