ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան վարչութեան որոշումով, Ուրբաթ, Նոյեմբեր 1էն սկսեալ, ընկերակցութեան գործադիր վարիչ Լեւոն Ֆիլեան սկսած է Կլենտէյլի մէջ ընկերակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի գրասենեակը բանալու միտող աշխատանքներուն: Ֆիլեան այսուհետեւ պիտի ըլլայ ընկերակցութեան Արեւմտեան Ամերիկայի գործադիր վարիչը: Կլենտէյլի գրասենեակը բանալու նպատակն է բարելաւել եւ ընդարձակել հայահոծ Հարաւային Քալիֆորնիոյ մէջ ընկերակցութեան գործունէութիւնը:
Վարչութեան ատենապետ դոկտ. Ճոզէֆ Ծերոնեան յոյս կը յայտնէ, որ գրասենակին պաշտօնական բացումը կարելի ըլլայ կատարել Յունուար 2014ին:
Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութիւնը այժմ փնտռտուքի մէջ է՝ նշանակելու համար նոր գործադիր տնօրէն մը, որ պիտի ստանձնէ ընկերակցութեան Նիւ Ճըրզիի, Արեւմտեան Ամերիկայի եւ Երեւանի գրասենեակներուն գործունէութիւնը առաջնորդելու եւ վերահսկելու պարտականութիւնը: Վարչութիւնը այդ պաշտօնին համար ժամանակաւորապէս նշանակած է պատուելի Մկրտիչ Մելքոնեանը:
Ընկերակցութիւնը վերադասաւորելու աշխատանքը ստանձնած է յանձնախումբ մը, որուն համաատենապետներն են Լուիս Քիւրքճեան եւ Թամըս Մոմճեան:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.