«Նիւ Եորք Թայմզ» թերթին մէջ Ռապին Ռայթ գրած է «Ինչպէ՞ս հինգ երկիր կրնայ վերածուիլ 14 երկիրի» խորագիրով յօդուած մը, որուն մէջ ան կ՛անդրադառնայ Միջին Արեւելքի վերջին իրադարձութեանց:
Ըստ անոր՝ մասնատուելու հաւանականութիւն ունին Իրաքը, Սուրիան, Սէուտական Արաբիան, Եմէնը ու Լիպիան։ Ան կը գրէ, թէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մասնատումով, կրնան յառաջանալ չորս պետութիւններ՝ Ալաուիստան, Քիւրտիստան, Սիւննիստան եւ Շիիստան։ Լաթաքիան կեդրոն ունենալով՝ կրնայ ստեղծուիլ Ալաուիստանը, իսկ հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավար շրջանը կրնայ միաւորուիլ Սուրիոյ հիւսիսային քրտական շրջանին հետ, ու Թուրքիոյ հարաւային սահմանի երկայնքին կրնայ հաստատուիլ նոր Քիւրտիստան մը՝ Արպիլ մայրաքաղաքով։ Իրաքի հարաւը կրնայ յառաջանալ շիիներու նոր պետութիւն մը՝ Պասրա կեդրոնով, իսկ սիւննիներու պետութիւնը կրնայ գոյանալ Իրաքի ու Սուրիոյ մեծամասնութեամբ սիւննի բնակչութիւն ունեցող նահանգներով։ Անշուշտ չի նախատեսուիր, որ այդ մասնատումը հարթ ու սահուն ընթանայ. յատկապէս Մոսուլի ու Քերքիւքի պատկանելիութեան հարցերը կրնան պատճառ դառնալ քիւրտ-արաբական պատերազմներու, իսկ Պաղտատի ու շրջակայքին տիրելու հարցը՝ շիիներու եւ սիւննիներու միջեւ պատերազմներու։
Հեղինակը կ՛աւելցնէ, թէ Սէուտական Արաբիան կրնայ բաժնուիլ հինգ մասի՝ Արեւելեան, Արեւմտեան, Հարաւային ու Հիւսիսային Արաբիստաններ, իսկ երկրի կեդրոնական մասին մէջ կրնայ ձեւաւորուիլ Ուահապիստանը՝ Ռիատ կեդրոնով։
Եմէն, որ մօտիկ անցեալին միաւորուած էր, կրնայ Հարաւային Եմէնի մէջ հանրաքուէի կազմակերպումով դարձեալ մասնատուիլ՝ Հիւսիսային Եմէնի )Սանաա կեդրոնով) ու Հարաւային Եմէնի )Ատեն կեդրոնով)։ Ներկայի Հարաւային Եմէնը կրնայ ամբողջութեամբ միանալ Սէուտական Արաբիոյ, որ նման պարագայի մը՝ դէպի Արաբական ծով ելք պիտի ունենայ՝ ուղղակի կապուելով Հնդկական ովկիանոսին եւ ջնջելով Իրանի կողմէ Հորմուզի նեղուցը փակելու մտավախութիւնը։
Վերջապէս, լիպիական ցեղերուն միջեւ մրցակցութիւնը երկիրը կրնայ առաջնորդել դէպի մասնատում։ Այդպիսի իրավիճակի մէջ, երկիրը կրնայ բաժնուիլ երեք մասերու։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.