ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան 4 Նոյեմբերին աշխատանքային ճաշ ունեցած է Երեւանի մէջ հաւատարմագրուած Եւրոպական Միութեան անդամ պետութիւններու դեսպաններու եւ ԵՄ պատուիրակութեան ղեկավարին հետ:
Հանդիպումին ընթացքին միտքեր փոխանակուած են Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն վերաբերեալ: Կողմերը քննարկած են Արեւելեան գործընկերութեան Վիլնիւսի գագաթաժողովին առնչուող հարցեր:
Զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է արցախեան հիմնախնդիրի կարգաւորման գործընթացը շարունակելու ուղղութեամբ ի գործ դրուած ջանքերուն եւ միջազգային օրակարգի խնդիրներուն:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.