
ՖՐԵԶՆՕ, «Հայ Շարժում».- Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատունէն վերջերս լոյս տեսած է Տիգրան Գույումճեանի եւ Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի խմբագրութեամբ անգլերէն հատոր մը՝ նուիրուած «Սասունցի Դաւիթ» դիւցազնավէպին:
228 էջնոց հատորը դիւցազնավէպին մասին քննարկումներու հաւաքածոյ մըն է: Հոն յօդուածներ կան Չարլզ Տոսեթէն, Տիգրան Գույումճեանէն, Արամ տէր Ղեւոնդեանէն, Ըրլ Էնտըրսընէն, Շաքէ Տէր Մելքոնեան-Մինասեանէն, Ֆրետերիք Ֆեհիթէն, Արփինէ Խաչատուրեանէն, Ատամ Թոլէկեանէն եւ Վահէ Օշականէն, ինչպէս նաեւ՝ Սասունցի Դաւիթին նուիրուած բանաստեղծութիւն մը՝ աշուղ Յովնանիէն:
Հրատարակութիւնը մաս կը կազմէ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի հրատարակչատունէն լոյս տեսած Հայկական շարքին, որուն շնորհիւ ցարդ հրատարակուած են չորս հատորներ՝ համալսարանէն ներս գործող Հայագիտական ծրագիրին հետ գործակցաբար:
Հրատարակութիւնը իրականացած է «Տոլորեզ Զոհրապ Լիպման» եւ «Էմ. Վիքթորիա Քարակէօզեան-Գազան եւ Հենրի Էս. Գազանճեան-Գազան» հիմնադրամներուն աջակցութեամբ եւ փրոֆ. Պարլօ Տէր Մկրտիչեանի ջանքերով: