
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկի «Վիվալտի» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Վերադարձի դասական երաժշտութեան 7րդ փառատօնին նուիրուած մամլոյ ասուլիս, որուն ընթացքին խօսք առին փառատօնի հիմնադիր Մարիամ Շահինեանը, «Արուեստների պատկերասրահ» մշակութային հիմնադրամի տնօրէն Գարիկ Նազարեանը եւ արդէն Հայաստան ժամանած մասնակիցներէն մի քանին, որոնց շարքին են Դաւիթ Յարութիւնեանը, Թոմոքօ Ակասական, Միքայէլ Հախնազարեանը, Սոֆիա Մելիքեանը, Կարինէ Մկրտչեանը, ինչպէս նաեւ գեղարուեստական ղեկավար Վահան Մարտիրոսեանը:
Մ. Շահինեան առաջին հերթին շնորհակալութիւն յայտնեց լրատուամիջոցներուն, որոնք միշտ պատրաստ են լուսաբանելու փառատօնը: Ներկայացնելով երաժշտական ծրագիրը եւ մասնակիցները՝ Մ. Շահինեան խօսքը փոխանցեց մասնակիցներուն:
«Փառատօնի շնորհիւ երաժիշտները համագործակցելու եւ անգամ մը եւս հայրենիք վերադառնալու կարելիութիւն ունին», նշեց Գերմանիայէն եկած Միքայէլ Հախնազարեան։
Թոմոքօ Ակասական Հայաստանի մասին լսած է մանկութեան տարիներուն. «Հայրս միշտ պատմած է Կովկասի ժողովուրդներուն մասին, յատկապէս անդրադարձած է հայերուն եւ Հայաստանին: Ես ունիմ բազմաթիւ հայ ընկերներ, սակայն փառատօնը ինծի համար հայկական մշակոյթին եւ պատմութեան ծանօթանալու շատ մեծ կարելիութիւն է»:
Կարինէ Մկրտչեանը, որ վերադարձած է Զուիցերիայէն, 6 տարիէ չէ այցելած հայրենիք։ Փառատօնի հիմնադիրները կարեւոր նկատած են զայն վերադարձնել հայրենիք, ինչ որ կարելի եղած է իրականացնել այս փառատօնին ճամբով։
29 Հոկտեմբերին սկսած Վերադարձի դասական երաժշտական փառատօնը պիտի տեւէ մինչեւ 20 Նոյեմբեր։