ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».- Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 29ին, Ատրպէյճանի փոխվարչապետ Ալի Հասանով, Զանգելան շրջանի կորուստի 20ամեակին առիթով ըսած է. «Այսօր Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ Զանգելան շրջանին մէջ հայեր վերաբնակեցուած են: Այդ հայերը երկրորդ անգամ պիտի վերապրին փախստականի ճակատագիրը»:
Հասանով աւելցուցած է, թէ նախագահ Իլհամ Ալիեւ իր երդմնակալութեան ընթացքին յայտարարած է, որ «պիտի ազատագրուին ոչ միայն Ղարաբաղն ու մնացած գրաւեալ տարածքները, այլեւ՝ Գէյչեն ու Զանգեզուրը: Ատրպէյճանցիներուն պիտի վերադառնան իրենց պատմական տարածքները: Պատմական արդարութիւնը պիտի յաղթանակէ: Զանգեզուրի շրջանը ստեղծուած է 1930ին, սակայն 1940-1950ին, շրջանի հողերուն մեծ մասը փոխանցուած է Հայաստանին: Ատրպէյճանցիներուն պիտի վերադարձուին նաեւ այդ հողերը: Ես կը նախազգուշացնեմ հայերը, որոնք վերաբնակած են Զանգելանի մէջ: Անոնք միշտ չէ, որ պիտի ապրին այդ հողերուն վրայ»:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.
Ալիեւի ին՞չ համարձակութիւն, առանց գիտակցութեան՝
Եւ ին՞չ վստահութեամբ՝
Ալիեւ, Ռուսիոյ հետ իր սերտ բարեկամութեամբ՝ իր ձեռքերը կապուած են,
Իր այսօրուայ արդիական զէնքերը ոչ կրնայ գործածել
Եւ ոչ ալ Հայկական որեւէ սահման կրնան անցնիլ
Մինչեւ որ Ռուսիաէն արտօնութիւն չառնէ,
Եւ այդ արտօնութիւնը երբէք պիտի չստանայ, չկարենայ առնել. Ելձինի ոգին վկայ.
Եթէ Ալիեւ խենթ համարձակութիւնը ունենայ Հայկական Հողերուն վրայ արշաւանքի,
Ալիեւի հաւաքած զէնքերուն կարեւոր մէկ մասը հայկական գրաւման տակ կրնան անցնիլ,
Ինչպէս որ պատահեցաւ՝ Շուշիի, Քէլբաչարի, Զանքելանի եւ Աղտամի ամբողջական զինապաշարներուն հայկական կողմ անցնիլը.
Մեր համեստ սպառնալիքը Ալիեւին՝
Հայու պատմական հողերուն վրայ Թուրք-Քոչուոր Ազերին տեղ չունի.
Վահան Վանական,
Զուիցերիա