Թեմիս բարեխնամ Առաջնորդ բարձր. Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանն ու Ազգ. վարչութիւնը այսու գոհունակութեամբ կը յայտնեն մեր ազնիւ ժողովուրդին, թէ Ազգ. Առաջնորդարանի յարկին տակ հաստատուած՝ «Սարգիս Պօղոսեան» Հիմնադրամի հասոյթէն 2013-2014 տարեշրջանին համար հազարական տոլարի յատկացում կը կատարուի Ազգային վարժարաններուն եւ Ֆրէզնոյի Չարլըզ Քէյեան Համագաղութային վարժարանին։
Այս հիմադրամը հաստատուած է հանգուցեալ բարերար Սարգիս Պօղոսեանի կողմէ ի յիշատակ իր կնոջ ու զաւակներուն։ Ըստ բարերարին փափաքին՝ այս հիմնադրամի դրամատնային հասոյթէն հաւասար կերպով յատկացումներ կը կատարուին մեր վարժարաններուն։
ԴԻՒԱՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՌԱՋՆՈՐԴԱՐԱՆԻ
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.