ՊՈԼԻՍ.- Թրքական «Հիւրրիյէթ» թերթը կը հաղորդէ, որ Անգարայի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Ֆրենսիս Ռիքարտոնէ Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 24ին յայտարարած է, որ Չինաստանի հետ հեռահաս հրթիռներ արտադրելու վերաբերեալ թուրք-չինական համաձայնագիրը կրնայ բացասական կերպով ազդել թուրք-ամերիկեան յարաբերութիւններուն վրայ:
Ըստ դեսպանին՝ Թուրքիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու առեւտրական յարաբերութիւնները ներկայիս կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ, սակայն Ուաշինկթըն ցաւ յայտնած է Չինաստանի հետ նման համաձայնագիրի ստորագրման առթիւ՝ ակնարկելով, թէ չինական համակարգերը կրնան համակարգումի հարցեր ստեղծել Թուրքիոյ եւ անոր արեւմտեան դաշնակիցներուն միջեւ ռազմական գործակցութեանց ընթացքին:
Իր կարգին, Թուրքիոյ նախագահ Ապտուլլահ Կիւլ, անդրադառնալով այդ որոշումին՝ Հինգշաբթի օր նշեց, որ Թուրքիոյ ռազմական շահերը կը գերազանցեն ամէն ինչ: Ան աւելցուց, թէ Թուրքիա հաշուի կ՛առնէ բոլոր դաշնակիցներուն շահերը, սակայն Չինաստանի հետ գործակցութեան մէջ անօրինական ոչինչ կայ:
Նախապէս հաղորդուած էր, որ մինչեւ տարեվերջ, Թուրքիան եւ Չինաստանը համաձայնագիր մը պիտի ստորագրեն հեռահաս հրթիռներ արտադրելու վերաբերեալ:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.