Պէյրութ.– Կիրակի, 27 Հոկտեմբեր 2013ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 9։00ին «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանէն պիտի սփռուի արաբերէն լեզուով հարցազրոյց մը Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին հետ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին:
Հարցազրոյցին առաջին կրկնութիւնը կարելի է դիտել Երկուշաբթի կէսօրէ ետք ժամը 2։00ին, իսկ երկրորդ կրկնութիւնը՝ Երեքշաբթի երեկոյեան ժամը 9։00ին։
«Մայատին» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանին կողքին, հարցազրոյցին կարելի է ուղղակիօրէն հետեւիլ նաեւ համացանցի վրայ կայանի կայքէջէն՝ http://www.almayadeen.net/live ինչպէս նաեւ կայանին դիմատետրի էջէն՝ http://www.facebook.com/almayadeen.tv ։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.