– Հոկտեմբեր 1ի դրութեամբ, Ատրպէյճանի բնակչութեան թիւը 9,442,500 եղած է, կը տեղեկացնէ երկիրի Պետական վիճակագրական գրասենեակը: Բնակչութեան 53.1 տոկոսը կ՛ապրի քաղաքներու մէջ, իսկ բնակիչներուն կեանքի միջին տեւողութիւնը 73.9 տարի է:
– Թուրքիոյ արտակարգ իրավիճակներու ծառայութիւնը կը հաղորդէ, թէ Թուրքիոյ մէջ սուրիացի գաղթականներուն թիւը հասած է 600 հազարի։ Անոնցմէ աւելի քան 400 հազարը բնակութիւն հաստատած է թուրք-սուրիական սահմանամերձ քաղաքներուն մէջ, իսկ մնացեալը՝ ճամբարներու մէջ։ Լրատուամիջոցները նաեւ կը տեղեկացնեն, թէ մօտաւորապէս 100 հազար սուրիացի գաղթականներ Պոլիս հաստատուած են:
– Ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Պաքուի մէջ Թուրքիոյ դեսպան Ալփեր Ճոշկիւն յայտնած է, որ Ատրպէյճանի «վերընտրուած» նախագահ Իլհամ Ալիեւ, իր պաշտօնավարման երրորդ նստաշրջանի առաջին արտասահմանեան այցելութիւնը պիտի տայ Թուրքիոյ, «ըստ աւանդութեան», քննարկելու համար երկկողմանի յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր:
– «Քոնթաքթ» կայքին վրայ լոյս տեսած յօդուած մը դարձեալ կը գրէ, թէ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ եւ անոր ընտանիքը բազմաթիւ ընկերութիւններ ունին աշխարհի տարածքին ու իրենց մենաշնորհին տակ կը պահեն Ատրպէյճանի տնտեսութեան մէկ կարեւոր մասը: Ըստ յօդուածին՝ Ալիեւի զաւակներէն միայն մէկուն հարստութիւնը կը գերազանցէ սովորական ատրպէյճանցիի մը 10 հազար տարուան աշխատավարձը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.