ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան այցելած է Քանաքեռ-Զէյթուն վարչական շրջանին մէջ գործող Գերմանական կարմիր խաչի «Յուսոյ տուն» եւ մասնակցած «Գթութեան խոհանոց» բարեսիրական ծրագիրի 20րդ տարեշրջանի բացման:
Բացման հանդիսաւոր արարողութեան մասնակցած են նաեւ Գերմանական կարմիր խաչի Պատեն-Վիւրթեմպերկի երկրամասային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, քահանայ Քարլ-Հայնց Շայտեն, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մօտ Գերմանիոյ դեսպանի կինը: Երեւանի քաղաքապետարանի համաֆինանսաւորմամբ իրականացուող ընկերային կարեւոր այս ծրագիրէն կ՛օգտուին 400 տարեց շահառուներ:
Ողջունելով ներկաները՝ Տարօն Մարգարեան անգամ մը եւս վստահեցուցած է, որ քաղաքապետարանը միշտ պատրաստակամ է իր լիազօրութիւններու սահմաններուն մէջ աջակցելու ընկերային կարեւորութիւն ունեցող բարեսիրական բոլոր նախաձեռնութիւններուն. «Սոցիալական ծրագրերը քաղաքապետարանի ծրագրային առաջնահերթութիւններից են, եւ մենք մշտապէս պատրաստ ենք համապատասխան աջակցութիւն ցուցաբերելու: Վստահ եղէք, որ միշտ լինելու ենք ձեր կողքին եւ փորձելու ենք սոցիալական տարբեր ծրագրերի շրջանակներում լուծումներ տալ մայրաքաղաքում առկայ սոցիալական տարբեր խնդիրների», ընդգծած է Տարօն Մարգարեան: Քաղաքապետը նաեւ շնորհակալութիւն յայտնած է Պատեն-Վիւրթեմպերկի երկրամասային կազմակերպութեան՝ մայրաքաղաքին մէջ իրականացուող բարեսիրական ծրագիրներուն եւ մարդասիրական կարեւոր առաքելութեան համար:
«Գթութեան խոհանոց» բարեսիրական ծրագիրի 20րդ տարեշրջանի բացումը ազդարարուած է խորհրդանշական զանգի հնչիւններով:
Ողջոյնի իր խօսքին մէջ Գերմանական կարմիր խաչի Պատեն-Վիւրթեմպերկի երկրամասային կազմակերպութեան ներկայացուցիչ, քահանայ Քարլ-Հայնց Շայտեն շնորհակալութիւն յայտնած է քաղաքապետ Տարօն Մարգարեանին՝ մնայուն հոգածութեան ու ընկերային ծրագիրներուն նկատմամբ ցուցաբերուող աջակցութեան համար:
Նշենք, որ ընդհանուր առմամբ այսօր մայրաքաղաքին մէջ կը գործեն 16 բարեսիրական ճաշարաններ, որոնցմէ կ՛օգտուին շուրջ 2400 անձեր: Բացի ատկէ, Երեւանի քաղաքապետարանի եւ Գերմանական կարմիր խաչի համատեղ ուժերով 1 Հոկտեմբերէն կը գործէ «Արտագնայ սպասարկում» ենթածրագիրը, որուն ծիրին մէջ Կենտրոն եւ Էրեբունի վարչական շրջաններուն մէջ ապահովուած է 125 պարագաներու սնունդի խնդիրը:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.