ԵՐԵՒԱՆ, «Թերթ».– Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան 24 Հոկտեմբերին ընդունած է ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ, դեսպան Անճէյ Քասփըրչիքը:
Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են ատրպէյճանական-ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու հանդիպման գօտիին վրայ տիրող իրավիճակին վերաբերող հարցեր։
Անճէյ Քասփըրչիք տեսակցութիւն ունեցած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ։ Քննարկուած են Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի սահմանագիծին վրայ տիրող իրավիճակն ու այս գծով ԵԱՀԿ գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչին գրասենեակին կողմէ կատարուած դիտարկումները:
Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան համաձայն՝ յատուկ կերպով անդրադարձ կատարուած է 17 Հոկտեմբերին սահմանագիծին վրայ՝ Հադրութի ուղղութեամբ, ԵԱՀԿ առաքելութեան դիտարկման ընթացքին տեղի ունեցած միջադէպին, երբ ատրպէյճանական կողմէն Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի դիրքերուն ուղղութեամբ արձակուած կրակոցներուն պատճառով դիտարկումը ընդհատուած էր:
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.