ԼԱ ՔՐԵՍԵՆԹԱ.- Ա-րեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ու Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկող մարմինը, նկատի ունենալով թեմի Կիրակնօրեաներու անմիջական կարիքները՝ վերամուտի առիթով անհրաժեշտ նկատած էին տեսուչներն ու ուսուցիչները հրաւիրել համագումարի մը, որ գեղեցիկ աւանդութեան մը վերածուած է եւ որուն նպատակն է դաստիարակներուն ուշադրութիւնը հրաւիրել 21րդ դարու զանազան մարտահրաւէրներուն, որոնք աշակերտներու ամէնօրեայ կեանքին մէջ իրողութիւն են։
Միօրեայ համագումարը տեղի ունեցաւ Շաբաթ, Հոկտեմբեր 12ին, կ.ե. ժամը 12։30էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 5, Ազգ. առաջնորդարանի «Տիգրան եւ Զարուհի Տէր Ղազարեան» սրահին մէջ, ներկայութեամբ եւ նախագահութեամբ առաջնորդ սրբազանին ու մասնակցութեամբ հոգեւորականաց դասու անդամներու, աւելի քան 35 տեսուչներու եւ ուսուցիչներու, որոնք կը ներկայացնէին մեր թեմի բոլոր շրջաններու եկեղեցիներուն Կիրակնօրեայ դպրոցները։
Համագումարը սկսաւ հաւաքական ճաշով՝ Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեանի սեղանի օրհնութեամբ։ Ճաշէն ետք, համագումարը պաշտօնապէս բացուեցաւ առաջնորդին կողմէ՝ Տէրունական աղօթքով եւ Կիրակնօրեայի մաղթերգով։ Ապա Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկող մարմինի ատենապետ Րաֆֆի Թորոսեան արտասանեց բարի գալուստի խօսքը՝ անդրադառնալով Կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ Աստուածաշունչի կարեւոր դերին՝ մեր աշակերտներու քրիստոնէական դաս-տիարակութեան մէջ։
Օրուան առաջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Գարեգին քհնյ. Պետուրեանը, նիւթ ունենալով «Աստուածաշունչն ու Հայ եկեղեցին Կիրակնօրեայ վարժարանէն ներս»։ Ան յիշեց, որ հրամայական է այս դարուն տեսնել, թէ Աստուածաշունչն ու հայ եկեղեցին որքա՛ն սերտօրէն կապուած են իրարու, եւ որքա՛ն կարեւոր է Աստուածաշունչը մեր մատղաշ սերունդին հասկնալի դարձնելը։ Ան շեշտեց նաեւ, որ Աստուածաշունչը մեծ դեր ունի հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան եւ Կիրակնօրեայ վարժարանէն ներս։
Երկրորդ ներկայացումը կատարեց Նորթ Հոլիվուտի տեսչուհի Մարալ Պետեւեան: Ան ներկայացուց «Արհեստագիտութեան ներգործօն դերը Կիրակնօրեայ վարժարաններու դասածրագիրներուն մէջ» նիւթը ու դաստիարակներուն լուսաբանութիւններ փոխանցեց արդիական սարքերու մասին, որոնք կ՛օգտագործուին մանկավարժներու կողմէ։
Իսկ վերջին դասախօսութիւնը ներկայացուց Խաչիկ սրկ. Շաննագեան: Ան խօսեցաւ «Քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը 21րդ դարու մարտահրաւէրներուն դիմաց» նիւթին մասին։ Սարկաւագը յիշեց, թէ քրիստոնէական բարոյագիտութիւնը երբեք չի նմանիր ուրիշ բարոյագիտութիւններու, որովհետեւ անիկա հիմնուած է Աստուածաշունչին ու Քրիստոսի ուսուցմունքներուն վրայ։ Ան տեսուչներուն եւ ուսուցիչներուն ուշադրութեան յանձնեց, թէ անոնք, որպէս բարոյագիտութեան առաջին կարգի զինուորներ, պարտականութիւն ու կարեւոր դեր ունին աշակերտներու կեանքէն ներս։
Դասախօսութիւններէն ետք տեղի ունեցաւ շարականի ուսուցում՝ Ղեւոնդ քհնյ. Քիրազեանի կողմէ։
Այնուհետեւ, Միւռոն Ծ. վրդ. Ազնիկեան խօսեցաւ իւրաքանչիւր ուսուցիչի դերին մասին աշակերտներու կեանքէն ներս։ Ապա, անդրադառնալով սոյն համագումարին՝ ըսաւ. «Լեցուն օր մը եղաւ այս օրը, հոգելից։ Որպէս ուսուցիչներ՝ դուք այսօր աշակերտ եղաք եւ հոգեկան հարստացման պահ մը ունեցաք։ Դուք ալ մէկական առաքեալներ էք՝ Յիսուսի աշակերտները, ղրկուած էք մշակելու հպարտ հայը, դաստիարակելու զայն այնպէս, ինչպէս 5րդ դարու թարգմանիչ վարդապետները մեր միտքերը լուսաւորեցին եւ պատրաստեցին մեզ որպէս գիտակից ուսուցիչներ»։ Ապա ան հրաւիրեց սրբազանը, որպէսզի իր սրտի խօսքը փոխանցէ ներկաներուն։
Առաջնորդը ողջունեց բոլոր ներկաները՝ գնահատելով Կիրակնօրեայ դպրոցներու վերահսկող մարմինն ու բոլոր դասախօսները։ Ան անդրադարձաւ օրուան յատուկ Ս. Թարգմանչաց տօնի կարեւորութեան՝ ըսելով. «Եկէ՛ք այսօրուան համագումարը փակենք Թարգմանչաց վարդապետներու գեղեցիկ տօնի խորհուրդով։ Եթէ «Որք Զարդարեցին» շարականի բառերուն խորքը թափանցէք, այնտեղ կը յիշուին թարգմանիչ վարդապետներու սուրբ գործերը, որպէս Աստուածային շնորհք»։ Ան յիշեց, թէ անոնք Աստուծոյ խօսքը զարդարեցին կենդանի գիրով, երկրաւոր փառքերը անտեսեցին եւ Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ ամրապնդեցին մեր հաւատքը։
Առաջնորդը իր խօսքը աւարտեց ըսելով. «Ըլլանք Աստուածասէր եւ հայրենասէր, որովհետեւ չար ազդեցութիւնները շատ են եւ անոնք, որոնք վերածնած են մկրտութեան աւազանէն, բոլորը մեր եկեղեցւոյ զաւակներն են եւ կը մնան հաւատարիմ հայորդիներ»։
Համագումարը իր աւարտին հասաւ «Պահպանի»չով եւ «Կիլիկիա» մաղթերգով։ Առաջնորդը իւրաքանչիւր ուսուցիչի նուիրեց օրինակ մը Կարօ Պետրոսեանի 3 հատորներէն՝ «Հայց. Եկեղեցւոյ Տօներ Եւ Ազգային Աւանդութիւններ», «Հայեցի Կրթութիւն Եւ Ճանապարհ» եւ «Feasts of the Armenian Church and National Traditions», որմէ օրինակ մը նուիրուեցաւ նաեւ իւրաքանչիւր Կիրակնօրեայ դպրոցի:
Համագումարի փակումէն ետք, ներկաները անցան «Ս. Տրդատ եւ Ս. Աշխէն» մատուռը, ուր տեղի ունեցաւ Կիրակնամուտի ժամերգութիւն։ Բոլոր ներկաները ապրեցան խորհրդաւոր եւ հոգեթով մթնոլորտով լի պահ մը։
© 2021 Asbarez | All Rights Reserved | Powered By MSDN Solutions Inc.