
ԵՐԵՒԱՆ, «Նիուզ».– ԵՊՀ ուսանողները դրօշակներով ու պաստառներով, վանկարկելով՝ «Դատապարտում», «Հատուցում», «Պահանջում ենք», «Արդարութիւն» Երեւանի պետական համալսարանէն 23 Հոկտեմբերին երթով ուղղուեցան ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակ, ուր ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքինին յանձնեցին նամակ մը, որուն մէջ կը պահանջէին համապատասխան քաղաքական գնահատական տալ 22 Հոկտեմբերին Տաւուշի մարզի Բերդ-Իջեւան ճամբուն Պառաւաքարի հատուածին մէջ հակառակորդին կողմէ բացուած կրակին պատճառով հայ զինուորին սպանութեան։
ԵՊՀ ուսանողական խորհուրդի նախագահ Րաֆֆի Քարամեան բարձրախօսով ԵԱՀԿ Երեւանեան գրասենեակին առջեւ կարդաց նամակը։ Ան նշեց, որ միջազգային կառոյցներուն կողմէ ատրպէյճանական յարձակողականութեան հանդէպ անտարբեր վերաբերմունքը դուռ կը բանայ զինադադարի նորանոր խախտումներու եւ զինուորներու մահուան։ Քարամեան դիտել տուաւ, որ յատկապէս մտահոգիչ է Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացին մէջ միջնորդական առաքելութիւն կատարող ԵԱՀԿի անտարբերութիւնը: Երեւանի պետական համալսարանի ուսանողները յայտարարեցին, որ կը դատապարտեն ատրպէյճանական իշխանութիւններու շարունակուող կեղտոտ սադրանքը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ անհասկանալի լռութիւնը՝ պահանջելով դատապարտել Ատրպէյճանի յանցագործ վարքագիծը եւ տալ քաղաքական գնահատական:
Քարամեան հաստատեց, որ ԵՊՀ ուսանողը այսօր պատրաստ է վար դնելու գրիչը եւ պաշտպանելու հայրենիքը:
ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակի ղեկավար Անտրէյ Սորոքինը դուրս ելաւ, զրուցեց ուսանողներուն հետ ու ըսաւ, որ իրենք պիտի կարդան նամակը, սերտեն զայն եւ արդիւնքներուն մասին պիտի տեղեկացնեն ուսանողները: Գրասենեակի ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնեց ուսանողներուն՝ իրենց նախանձախնդրութեան համար:
ԵՊՀ ուսանողները ԵԱՀԿ երեւանեան գրասենեակին առջեւ երգեցին հայրենասիրական երգեր եւ հեռացան՝ խոստանալով հետագային, նամակը անպատասխան ձգելու պարագային, նորանոր քայլերու դիմել։